ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 4 Յունուարին տարեսկիզբի առաջին աշխատանքային խորհրդակցութիւնը ունեցաւ՝ ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:
Ան նշեց, որ ի թիւս Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերուն, առաջնահերթ կը շարունակեն մնալ ապահովութեան հարցերը: Քննարկուեցաւ լայն օրակարգ մը` ընթացիկ աշխատանքներու եւ նախատեսուող ծրագիրներու վերաբերող։
Նախագահ Յարութիւնեան տուաւ յանձնարարականներ հանդիպման մասնակցվցներուն` երկրի ներքին եւ արտաքին ապահովութեան առումով: