ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Համալսարանական նոր շրջանաւարտներ կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռող երիտասարդներ, մինչեւ 26 Յունուար ժամանակ ունին իրենց դիմումնագիրները ներկայացնելու` մասնակցելու համար այս գարնան տեղի ունենալիք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին, որ պիտի սկսի 22 Փետրուարին:
Ծրագիրը մայրաքաղաքին մէջ աշխատանք փնտռող երիտասարդներուն եռամսեայ ձրի կեցութեան կարելիութիւն կը ստեղծէ. անոնք նաեւ կը մասնակցին իրենց համար կազմակերպուող յատուկ աշխատանիստերու եւ հանդիպումներու:
Դիմումնագիրները տրամադրելի են anca.org/gateway/application կայքէջին վրայ:
Ծրագիրի նախկին մասնակցողեր, ինչպէս նաեւ այլ արհեստավարժներ իրենց փորձառութիւնը ի սպաս կը դնեն ծրագիրի խորհրդատուութիւններու բաժինին մէջ, որպէսզի նորեկները կարենան քաղաքականութեան, լրագրութեան եւ հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ գտնել: Ծրագիրը իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ նաեւ համալսարանական ուսանողներու, որոնք հետաքրքրուած են մայրաքաղաքին մէջ վարժողական ծրագիրներով, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու վարիչ Ալեք Մանուկեան:
Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հիմնուած է 2003ին. անոր սպասարկութիւններէն ցարդ օգտուած են առաւել քան 200 ամերիկահայ երիտասարդներ:
Ծրագիրը կը կրէ անունը հանգուցեալ երիտասարդ գործիչ Յովիկ Սաղտճեանի, որ մահացած էր ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը իբրեւ արդիւնք: Անոր ընտանիքը, այս նպատակին համար հաստատուած հիմնադրամով` վերջին տասնամեակին յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է ծրագիրին: Յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրուած է նաեւ Քաֆէսճեան ընտանիքի հիմնարկին, Հայ Դատի երկարամեայ աջակցողներ տէր եւ տիկին Ֆրենք եւ Պարպարա Հէքիմեաններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ` Ամերիկահայ վեթերաններու Միլֆըրտի (Մեսեչուսեց) կեդրոնին կողմէ:
Ծրագիրին մասնակցողները կը մնան «Արամեան Տան» մէջ, որ հիմնուեցաւ շնորհիւ հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ընտանիքի նուիրատուութեան: Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքին մէջ հաստատուած Արամեան քոյրերը` Սու, Մարկօ եւ Մարթա, երկար տարիներով հանդիսացած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զանազան ծրագիրներու առատաձեռն նուիրատուներէն, նոյն ժամանակ ձեռք երկարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներուն:
«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (202) 775-1918 թիւին կամ այցելել anca.org/gateway կայքէջը: