ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850–1980» խորագիրով երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մը կատարած էի 2017ին: Այդ ուսումնասիրութիւնը լուս տեսաւ «Հորիզոն Գրական»ին, «Ասպարէզ», «Հայրենիք» եւ «Ազդակ» թերթերուն մէջ: 2019ին, որոշ յաւելումներ կատարելէ ետք, զայն զետեղեցի «Բժիշկին Ե. Խօսքը» գիրքիս մէջ: Այդ թուականէն մինչեւ օրս շարունակեցի 1850-1980 Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ լոյս տեսած գործերու պրպտումներս եւ գտայ 37 նոր գիրքեր 14 նոր պարբերաթերթեր, ինչպէս նաեւ նախապէս «Բժիշկին Ե. Խօսքը» գիրքիս մէջ հրատարակուած երեք գիրքերու եւ երկու պարբերաթերթերու ու անոնց մեծ մասին նկարները, զորս այժմ կը ներկայացնեմ որպէս յաւելուած:

ԳԻՐՔԵՐ
1. «Ամուսնութիւն», առողջապահական ուսումնասիրութիւն, տոքթ. Վահան Արծրունի, Թիֆլիս, 1901, 216 էջ
2. «Արդի Հնդկահայ Բժիշկներ», Մասն Ա., տոքթ. Վահրամ Յ. Թորգոմեան, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1846
3. «Առտնին Առողջապահութիւն», տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Պոլիս, 1901
4. «Բժիշկ Տոքթ. Վիչէն Էֆէնտի», տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1893, 26 էջ
5. «Գերեզման Երիտասարդաց Կամ Տռփական Հիւանդութիւնք», Արմենակ Հայկունի, Պոլիս, 1882, 64 էջ
6. «Դիեցումն», տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, տպարան «Գ. Պաղտատլեան», Կ. Պոլիս, 1888, 110 էջ
7. «Դողէրոցք Կամ Մալարիա», տոքթ. Վահան Արծրունի, Թիֆլիս, 1902, 31 էջ
8. «Դպրոցական Առողջապահութիւն», ընդարձակ պատկերազարդ դպրոցական առողջապահութեան դասագիրք, տոքթ. Կ. Փաշայեան, Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս, 1905, 679 էջ
9. «Դպրոցական Առողջապահութիւն», տոքթ. Վահան Արծրունի, Թիֆլիս, 1895 (որուն մէջ անդրադարձած է մարմնամարզութեան կարեւորութեան)
10. «Դպրոցական Առողջապահութիւն», դասախօսութիւններ, տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, Վենետիկ, 1908
11. «Թոքախտ Կամ Բարակացաւ», տոքթ. Վահան Արծրունի, Թիֆլիս, 1902
12. «Ժանտախտ», տոքթ. Վահան Արծրունի, Ս. Էջմիածնի տպարան, 1879, 79 էջ
13. «Ինֆլուէնցա Կամ Նոր Ցաւ», տոքթ. Վահան Արծրունի, Թիֆլիս 1902, 16 էջ
14. «Ծաղիկ Կամ Ծաղկախտ Եւ Պատուաստ», բժիշկ Վահան Արծրունի, Թիֆլիս, 1904, 48 էջ
15. «Ծխախոտը Եւ Իւր Վնասները», Կոստանդին Կ. Մելիք-Շահնազարեանց, Շուշի, 1888
16. «Ծննդական Գործարանք, Կազմախօսութիւն, Բնախօսութիւն Եւ Առողջապահութիւն Ի Պէտս Զարգացելոց», տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Ա. տպագրութիւն, տպարան Յ. Մատթէոսեան, Կ. Պոլիս, 1899 (*)
17. «Ծննդական Գործարանք, Կազմախօսութիւն, Բնախօսութիւն Եւ Առողջապահութիւն», տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Կ. Պոլիս, 1914 (*)
18. «Հայ Բժշկութեան Տուած Զոհերը», ցուցագրուած վաւերական փաստերով, Հայ բժշկական միութիւն, Կ. Պոլիս, 1919, 39 էջ
19. «Հայ Բժշկական Արձանագրութիւնք», Վահրամ Թորգոմեան, Վենետիկ, 1931
20. «Հայ Բժշկութեան Պատմութիւնը Եւ Հայ-Արաբ Բժշկական Դպրոցներու Կապերը», բժիշկ Ռոպեր Ճեպեճեան, Պէյրութ, 1967
21. «Հայ Ծերանոց», Ծերանոցի խնամակալութիւն, Հալէպ, 1967
22. «Հարիւրամեակ Ռէստէնի Բժշկական Հրատարակութեան», տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, Վենետիկ, Ս. Ղազարի տպարան, 1922, 52 էջ
23. «Մալարիա», տոքթ. Յ. Յակոբեան, Հալէպ, 1946, տպարան «Նայիրի», Հալէպ
24. «Մանկանց Բժիշկը Կամ Առաջնորդ Ծնողաց Եւ Ստնտուաց», տոքթ. Բ. Մինեճեան, հրատարակութիւն Հայ ազգ. բժշկական վերին մարմինին, տպարան «Գ. Պաղտատլեան», Կ. Պոլիս, 1886
25. «Մանկատածութիւն, Որ Է Բնական Բարոյական Եւ Իմացական Հրահանգ Խնամատարութեան Մանկանց», Սերովբէ Վիչենեան, Պոլիս, 1844 (*)
26. «Մարդկային Մարմինը», դասագիրք անդամազննութեան, բնախօսութեան, առողջապահութեան, տոքթ. Յովսէփ Տէր Ստեփանեան, տպագրիչ-հրատարակիչ՝ Յակոբ Աբրահամեան, Պոլիս, 1936, 124 էջ
27. «Մարդկութեան Ամենամեծ Թշնամին», ալքոլամոլութեան դէմ պայքար, տոքթ. Կ. Փաշայեան, Իզմիր, 1901
28. «Մարդ Մը Շինենք» կամ համառօտ ծանօթութիւններ մարդկային մարմինի կազմախօսութեան եւ բնախօսութեան մասին, տոքթ. Լեւոն Գրիգորեան եւ տոքթ. Շ. Այվազեան, Փարիզ, 1929
29. «Մարդ Մը Շինենք» կամ մարդկային մարմինի կազմախօսութիւնը, բնախօսութիւնը եւ համառօտ ծանօթութիւններ ախտաբանութեան եւ առողջապահութեան մասին, բժիշկ Լեւոն Գրիգորեան, Փարիզ, 1930, 187 էջ
30. «Մի Ծխիր», տոքթ. Վահան Արծրունի, Թիֆլիս, 1902, 31 էջ
31. «Մի Խմիր» տոքթ. Վահան Արծրունի, Թիֆլիս, 1901, 38 էջ
32. «Յիսնամեակ Բժշկութեան Տոքթ. Հ.Պ. Մատթէոսեաի», տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1913
33. «Պէլ Սօուզէ Ազատ Մնալու Գաղտնիք Եւ Դարման», տոքթ. Պէննէ, Պոլիս (թուականը անորոշ)
34. «Սերմնացան», Հայկական առողջապահական միութիւն, Վահրամ Սօֆեան 1967-1969, Ֆրեզնօ, 17 էջ
35. «Ստեփանոս Բժիշկ Շէհրիմանեան», Վահրամ Թորգոմեան, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1911
36. «Տեղեկագիր Հայ Բժշկութեան» Գ. տարի, Վահրամ Թորգոմեան, 1918, 23 էջ
37. «Տունկերը Եւ Անոնց Հայերէն Անունները», դոկտ. Յովհաննէս Արթինեան, Վենետիկ, 1952
ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ
1. «Առողջ Կեանք», ժողովրդական, առողջապահիկ ամսաթերթ, խմբագիր ու հրատարակիչ՝ Տիգրան Զաքարեան, Երեւանցեանի տպարան, Պաքու, 1917:
2. «Առողջապահական Թերթ», միամսեայ հանդէս, խմբագիր եւ հրատարակիչ՝ բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանց, Երեւան, 1881, 32 էջ
3. «Առողջապահիկ», ժողովրդական, առողջապահական, միամսեայ հանդէս, Երեւան:
4. «Առողջապահիկ», Ժողովրդական առողջապահական կիսամսեայ հանդէս, խմբագիրն է՝ Վահան Արծրունի, Երեւան, 1920, 16 էջ
5. «Առողջութիւն», դաստիարակչական հայերէն եւ անգլերէն պարբերագիր: Խմբագիրը եւ հրատարակիչն է՝ Վահրամ Սօֆեան, 1966ին, Ֆրեզնօ
6. «Առողջապահութեան Ֆրոնտի Խնդիրներից». պատասխանատու խմբագիրը՝ Գ. Ղեւոնդեան, Երեւան 1932
7. «Ընդարձակ Օրացոյց Ս. Փրկչեան Հիւանդանոցի Հայոց», 1908 (*)
8. «Կորչի Տուբերկուլյոզը», միօրեայ լրագիր, Երեւան, 1927
9. «Համալսարան» պարբերաթերթ, տնօրէն խմբագիր՝ Մ. Պաղտասարեան, Բ. շրջան 1901-1902, թիւ 2, Փարիզ
10. «Հայ Բժիշկ», բժշկական առողջապահական, գիտական պատկերազարդ ամսաթերթ, տնօրէն՝ տոքթ. Վ. Ալթունեան, խմբագիր՝ տոքթ. Մ. Գարակէօզեան, թիւ 3, Ա. տարի, 1919, 23 էջ (*)
11. «Մալարիա. Գիտական, Հասարակական Հանդէս», բժիշկներ՝ Լեւոն Յովհաննիսեան եւ Աբգար Իսահակեան, Երեւան, 1920:
12. «Տարեցոյց», բժշկական առողջապահական, տոքթ. Վահան Ղազարեան, Ա. տարի, Կ. Պոլիս, 1914
13. «Փարիզ-Արեւելք», բժշկա-առողջապահական հայերէն ֆրանսերէն ամսաթերթ, տնօրէն-խմբագիր՝ տոքթ. Ալլահվերդի, տպարան «Արաքս», 1939, Փարիզ, 32 էջ
14. «Օլիմպոս», գիտական, բժշկա-առողջապահական եւ գրական ամսաթերթ, խմբագիր՝ Մ. Կ. Մալաքեան, տպ. «Ալիք», Սելանիկ, 1926-1927, 16 էջ
(*) Մէկ աստղանիշով հրատարակութիւնները լոյս տեսած են «Բժիշկին Ե. Խօսքը» գիրքիս մէջ սակայն առանց նկարի:
Մոնթրէալ
Աղբիւրներ
1. Գրահաւաք, թուայնացած հայերէն գիրքեր
2. Հայկական գիտահետազոտական հանգոյց, Երեւան
3. ՀՀ գիտութիւնների ազգային ակադեմիոյ գիտական գրադարան
4. Wikipedia
5. AUA digital library of Armenian literature, Khachig Mouradian
6. Armenia early printed books, 1901–1920
7. Pan-Armenian digital library – Համահայկական թուանշային գրադարան
8. W.K. Ward