ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս».- Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը Ուրբաթ օր հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ յունական ատեան մը որոշած է ազատ արձակել պոլսահայ մտաւորական եւ լեզուաբան Սեւան Նշանեանը, որ կը դիմագրաւէր Թուրքիա արտաքսուելու սպառնալիքը:
Սակայն, ըստ ատեանի որոշումին, Նշանեան պարտաւոր է հեռանալու Յունաստանէն, յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին։
«Քանի որ Սեւան Նշանեանը հանդիսանում է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, ցանկութեան դէպքում նա կարող է մեկնել Հայաստան», կ՛ըսուի դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։
Նախապէս դեսպանատունը յայտարարած էր, թէ կը հետեւի Հայաստանի քաղաքացի Սեւան Նշանեանի շուրջ յառաջացած գործընթացին եւ բոլոր քայլերուն կը դիմէ՝ հարցը լուծելու նպատակով:
Սեւան Նշանեանի կողակիցը՝ Հերա Ցուրու նախապէս գրած էր, որ Յունաստանի իշխանութիւնները ոստիկանատուն հրաւիրած էին իր ամուսինը, որուն կեցութեան արտօնագիրը աւարտած էր քանի մը օր առաջ եւ զինք հարցաքննած էին:
Յիշեցնենք, որ Նշանեան մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ՝ Յուլիս 2017ին, խոյս տուած էր Ֆուճայի «բաց» բանտէն ու ապաստանած Յունաստանի Սամոս կղզիին մէջ: Ան կը համարուի Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող այլախոհ մտաւորական մը, որուն՝ այդ երկիրը վերադարձուիլը կրնայ բաւական ծանր հետեւանքներ ունենալ հայազգի մտաւորականին համար: