ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Ուու շու-քանկ ֆուի դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 8 Յունուարին, «Անթունիէ Պաապտա» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր, վարպետ Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին նուիրուած մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի զանազան ակումբներէ 43 մարզիկներու:
Բացման խօսքը արտասանեց դաշնակցութեան անդամներէն Նաում Սաատէ: Ան Կարօ Քեպապճեանի հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք անդրադարձաւ Լիբանանի Ուու շու-քանկ ֆուի դաշնակցութեան հիմնադրութեան մէջ վարպետին բերած ներդրումին, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ փոխատենապետութեան պաշտօնին միջոցով Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի մարզաձեւի տարածման եւ բարելաւման իր կատարած աշխատանքներուն մասին: Նաում Սաատէ ըսաւ, թէ Լիբանանի Ուու շու-քանկ ֆուի դաշնակցութիւնը, գիտակցելով այս իրողութիւններուն՝ որոշած է «Մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեան»ի բաժակի մրցաշարք մը կազմակերպել՝ իբրեւ յարգանք անոր յիշատակին:
Դաշնակցութեան խօսքը ուղղեց նախագահ Ճորճ Նըսէյր, որ անդրադառնալով Կարօ Քեպապճեանի մարզական առաջին փորձառութենէն մինչեւ անոր վաղահաս մահը կատարած աշխատանքներուն՝ բարձր գնահատեց վարպետին կերտած մարզական ճանապարհը եւ Լիբանանի մարզական կեանքին անոր բերած մեծ ներդրումը: Ան յայտնեց, որ դաշնակցութեան որոշումով «Մեծ վարպետ Կարօ Քեպապճեան» բաժակի մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի տարեկան դրութեամբ: Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Կարօ Քեպապճեանի մարզական կեանքի երկարամեայ բարեկամներէն եւ նոյն դաշնակցութեան նախկին անդամ Միշել Հաուի:
Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչութիւնը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի դաշնակցութեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մրցաշարքի կազմակերպութեան համար: Իր կարգին, դաշնակցութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչութեան:
Մրցաշարքի աւարտին Հայ սեւ գօտիներու միութեան վարչականները մետալներ յանձնեցին մրցաշարքի Ա., Բ. եւ Գ. դիրքերը գրաւող մարզիկներուն: Առաջին դիրքը գրաւեց Անթունիէ Պաապտան, երկրորդ դիրքը՝ Այնճարի Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը, իսկ երրորդ՝ Սքուեր Ֆիթը։ Վարպետ Կարօ Քեպապճեանի անունը կրող այս մետալները պատրաստուած եւ տրամադրուած էին Հայ սեւ գօտիներու միութեան կողմէ: