ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հրկիզուած շքեղ քաղաքի ողբ, աշուղի այրած սիրտ, նաւասարդեան առաւօտի ծխան… Հայ երգն ու տաղը վկայ՝ շատ ծուխ բարձրացաւ հայոց աշխարհի վրայ, ծուփ-ծուփ, հողմնածածան, մերթ թաւշափայլ եւ քաղցրաբոյր, մերթ գարշահոտ եւ չարաշուք, իսկ քնարերգակ բանաստեղծներու ձեռքին մէջ միշտ հիւրընկալ – ինչպէս Միսաք Մեծարենց կը ցանկանար ըլլալ – հիւղ մը, որ ունի եկուորներ դիմաւորող ջերմ ծուխ ծխանի: Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ դարձեալ ծուխ պատեր է Հայոց աշխարհը, ծուխ ու ծծումբ է սահմաններու վրայ, բայց նաեւ երբ Ս. Ծննդեան պատարագի աստուածահաճոյ ծուխ բարձրացեր է խորաններէն, ու մայրաքաղաքի հարսանիքներուն սովորութիւն դարձած է գունաւոր ծուխեր արձակել՝ երբ նորապսակ զոյգը իր առաջին պարը պարէ, որոշեցի գրել «ծուխ» բառին մասին, որպէսզի անոր բարակ պատմութիւնը չանհետանայ օդին մէջ:
Ո՞ր կրակը պատճառ եղաւ, որ առաջին անգամ ծուխ ելլէ մեր մայրենիին մէջ: Չենք գիտեր: Լեզուաբան եւ ստուգաբան այրերը մեր, անոր աղբիւրը դեռ չեն գտած, բայց մեր կենդանութեան բոսոր կրակը մինչեւ այսօր չէ մարած, քանզի պառաւ մը ամէն գիշեր այդ սրբազան հուրը ծածկեր է բիլ մոխիրով, անթեղ պահեր է զգուշօրէն, որպէսզի հայոց օճախը չմարի՝ արձակէ ծուխ:
Թէեւ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ է «ծուխ» բառին արմատը կամ ծագումը, գիտենք անոր հնագոյն երկու գործածութիւնը: Երկու գուլաներ են անոնք, հայոց անգիր դպրութեան երկու պլպլան պատառիկներ: Առաջինը՝ Վահագնի ծննդեան օրը եղէգներէն վազող ծուխը. «Ընդ եղէգան փող ծուխ ելանէր»: Յաջորդը Քրիստոսէ առաջ 160 թուականին, Արտաշէս արքան շշնջաց. «Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի եւ զառաւօտն Նաւասարդ»ջ: Այնուհետեւ, «ծխանի ծուխ»ը դարձաւ յայտնի արտայայտութիւն. ան հայրենի օճախն է, անոր լոյսի եւ ջերմութեան շուրջ բոլորուած բազմասերունդ ընտանիքը եւ այդ ընտանիքի խաղաղ կեանքը: Առաւելաբար, ընտանեկան ամէն տնտեսութիւն կոչուեցաւ «ծուխ»: Եւ այդ գիշեր պարտաճանաչ պառաւը դարձեալ բիլ մոխիրով պատեց կրակը, որ չմարի, ծխայ մինչեւ Սուրբ Գիրքի մուտքը Հայաստան:
Երկու դար ետք, Քրիստոնէութեան բոցը արձակեց նոր ծուխ՝ «Եկեղեցական ծուխ»: Մեր լեռնաշխարհին վրայ քահանաները իրենց յանձնուած հաւատացեալները հաշուեցին ծուխի թիւով: Հետեւաբար, բնակավայրը ունեցաւ «ծխատէր», «ծխատուն» եւ «ծախկան», այսինքն՝ ծառայող քահանայ, անոր յատկացուած բնակարան եւ հաւատացեալ: Սուրբ Գիրքին մէջ կարդացինք ծխաթաթախ եւ ծխաշունչ խօսքեր, ինչպէս՝ «Ծուխ նորա ելանէր յաւիտեանս յաւիտենից», «Բերանոյ նոցա հուր ելանէր եւ ծուխ եւ ծծումբ» եւ «Ծուխ բարկութեան»: Նոյն օրերուն, Արցախի եւ Ուտիքի հայազգի թագաւոր «բարեպաշտ» Վաչագանի բանակը ճակատ կ՛երթար սուրբի մասունքներով, ոսկի խաչով եւ խունկի ծուխով. «Խաչ ի ձեռն, սաղմոսանուագ երգովք (…) ծուխ խնկելոցն ուժգին բուրեալ»: 10րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին Վանայ լիճի ծխամշուշ գագաթները դիտելով՝ խոստովանեցաւ, թէ իր մարմինը, հոգին եւ արարքները մեղաւոր են, անոնք նման են գարշելի ծուխի. «Սիրտս նանրախորհուրդ, բերանս չարախօս, ոտնս մոլորաշաւիղ, ընթացքս աներկիւղ, հետք խոտորնակ, շունչ ծխախառն»: Պառաւը այդ գիշեր մոխիրի մէջ պահեց անթեղը, որպէսզի տասը դար եւս ծխայ հայու օճախը:
Երազային եւ խորհրդաւոր է «ծուխ» բառը: Անոր մէջ պլլուած են բազմաթիւ իմաստներ: Ականջ տանք Ակսել Բակունցին. «Ծուխ է եւ ունայնութիւն աշխարհը»: Ծո՜ւխը՝ ունայնութիւն… Ան նաեւ կրակ է, որպէս շէնութեան եւ կենդանութեան նշան, գոլորշի կամ շոգի է, երբ «ձիերու ռունգերէն ծուխ ելլէ», մշուշ՝ երբ «ծուխը պատէ լեռներու կատարը»: «Ծուխ» բառը ծնունդ տուաւ նաեւ պատկերալից դարձուածքներու. «Ծուխը քամիին տալ»՝ մէկը ոչնչացնել, տունը քանդել, տուն ու տեղը աւրել, այրել, բնաջնջել: «Ծուխը քիթէն դուրս գալ»՝ սաստիկ ցաւ զգալ, «Ծուխ դառնալ»՝ անհետանալ, չքանալ:
Ամէն անգամ, երբ օճախ մը վառեցինք, ամէն անգամ, երբ բուրվառները ճօճուեցան, անոնց ծուխէն բարձրացաւ նոր բառ, բարդ ու զարմանալի: Յարգելի ընթերցող, ծուխը կենդանութիւն է իսկակա՛ն: Հայոց բառարանները երկու հարիւրի չափ «ծուխ» բուրող բաղադրեալ բառեր ունին իրենց էջերուն վրայ: Յիշեմ քանի մը ընտիր նմոյշներ. ծխաբոյժ, ծխագիծ, ծխազուրկ, ծխաթոյր, ծխադէմ, ծխահամ… Հայը, շնորհիւ «ծուխ» բառի շառաւիղներուն ունեցաւ նաեւ «Ծխազուրկ հնավայրեր», «Ծխահեղձ սենեակներ», «Ծխաշատ աւաններ», «Ծխապատ հովիտներ»… Հայ ծխական քահանան ունեցաւ «ծխամատեան» մը, այն մատեանը, որուն մէջ հաւատարմաբար արձանագրեց ծնունդի, մահուան եւ ամուսնութեան վերաբերող տուեալներ: Իսկ դուք, կ՛ուզէ՞ք լսել մեր լեզուի ամենաերկար «ծուխ»երը: Չորս հատ են անոնք. «ծխախոտաբուծութիւն», «ծխախոտագործարան», «ծխախոտագործութիւն» եւ «ծխախոտագործուհի»:
Կրակը չմարեցաւ: 19րդ դարուն գրական նոր ծուխեր բարձրացան: Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ըսաւ, թէ երբ ծուխ արձակէ Աւագ Մասիսը՝ սա բարի նշան է. «Կանչեմ ու շնչեմ, արձակեմ ծուխ, բոց… / Այս ըլնի նշան Հայոց աշխարհին… / Շարժի՛ր, հա՛ շարժի՛ր, Աւագդ Մասիս… / Շնչէ՛, հա՛ շնչէ ծխիկ ծիրանի»: Ռափայէլ Պատկանեան նկարագրեց, թէ իր օրերուն մարտական ուժերէ զրկուած Հայաստանը ի՛նչ վիճակ ունէր. «Սեւ ծուխ է պատել հայոց երկնքին»: Միսաք Մեծարենց Պոլսոյ մէջ քնարական ծուխով պարուրուած տեսիլներ ունեցաւ. «Ծուխն, որ բիլ-բիլ կ՛ամպանայ», «Եկուորներուն դիմաւոր՝ ծխանիս ծուխն ամպէի», «Խունկին ծուխը կը պարուրէ իր նշխար»: Նման տեսիլք մը ունեցաւ Տիգրան Չէօկիւրեան. «Երդիքներէ նիհար կապտորակ ծուխ մը կ՛ոլորուէր»: Դանիէլ Վարուժան հայրենի տան կարօտով գրեց. «Եղեգնեայ գրչով օճախս երգեցի, / Ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր», ապա նկարագրեց ջարդը. «Տե՛ս. ահաւասիկ ամէն ինչ / Կը գալարուի, կը ճարճատի, կը մեռնի, / Ծուխ է, մոխիր եւ աւեր»: Թէքէեան երգեց սէրը. «Ու եթէ սէրս ոմանք / Երկնքին վրայ՝ անսահմա՜ն / Տեսան ծուխի մը նման, Կրակն անոր չտեսան»:
Հովեր եկան, քամիներ անցան, գրական ծուխ բարձրացաւ հայոց աշխարհի արեւելեան ծխաններէն: Աւետիք Իսահակեան նկարագրեց Շիրակի դաշտերու հովուական խաղաղ կեանքը. «Կը տեսնեմ ահա – լուռ երեկոյին / Բարակ ծուխ կ՛ելնէ իմ հօր օճախէն. / Ծղրիթը կ՛երգէ անտես խորշերէն / Եւ ուռիներս մարմանդ՝ կ՛օրօրուին»: Յովհաննէս Թումանեան պատմեց Լոռուայ սարերու ազատատենչ արծիւի հէքիաթը. «Արծիւը գերի, / Մի կարօտալի / Հառաչանք թռաւ, / Ծուխ դարձաւ, կորաւ / Դէպի ժայռերը / Իմ հայրենիքի»: Սերունդ մը յետոյ, Եղիշէ Չարենց իմաստասիրեց. «Օրերը ծուխ կ՛ըլին, տարին կը մնայ»: Պարոյր Սեւակ նկարագրեց Հայաստանը. «Դու՝ հայրենի ծխանի ծուխ, / Դու՝ անգի՛ր վէպ, դու՝ Սասնայ ծո՜ւռ»: Նման պատկերացում գրի առաւ Վահագն Դաւթեան. «Հայաստա՛ ն, իմ տուն, իմ ծուխ»: Դերենիկ Դեմիրճեանի համար սրբութիւն էր ծխանի ծուխը. «Թանկ ինչպէս կեանք, եւ առաւել թանկ, ինչպէս ազատութիւն, սիրելի ես ծուխ ծխանի՝ տանն իմ հայրենի»: Յովհաննէս Շիրազ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը փափաքի Լիմ կղզին. «Յաւերժ ծուխ է Աստծուց խնդրում ոսկեբուրվառ հայ խունկին»: Ապա, գեղջկական օրերը անցան, սայլն ու ձին պատմութիւն դարձան, գործարաններու ծխաններ խոյացան Շիրակի մէջ, ու Գիւմրի քաղաք մտաւ ինքնաշարժը: Բանաստեղծ Խաչիկ Դաշտենց տրտմեցաւ: Իր մանկութեան օրերու ծուխը, որ խաղաղութիւն էր եւ անմեղութիւն, դարձաւ հրէշ. «…Շիրակը լցուած բիւր աւտոներով, / Վազում են, սուլում հեւասպառ, արագ, / Գիւմրին ծածկելով ծխով ու նաւթով»:
Երբ գորշ ծուխը հեռանայ մեր երկրէն, ի՞նչ կը մնայ… Երգ ու քնար անկասկած, թոնրի ծուխ յաւերժական: Ապա, հա՛րս, պսակիդ օրը երազներուդ բիւր գոյներով ծուխ կ՛ելլէ, երբ առաջին պարը պարես փեսայիդ հետ, ծխանէդ բարակ ծուխ կ՛ելլէ, ծուփ-ծուփ, ծիրանի, ծայրակարմիր, ապա դուն կը պահես անթեղը, որպէսզի չմարի մեր օճախը: Այդ օր ալ կը լսուի երգդ հայրենի.
«Սասմա կ՛ելլէր բարակ ծուխ,
Հանի նանի նանի նա,
Հանի նա ես ու դու…
Առաւօտուն թունդիր բոց,
Հանի, նանի, նանի, նա,
Հանի նա, ես ու դու,
Արի էղնինք գիրկ ու ծոց,
Հանի, նանի, նանի, նա,
Հանի նա, վառա ես»: