ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ տեղի ունեցած «Գաղթականներ. Զանգուածային տեղահանումներ» խորագիրով լսումներուն ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի հարցին:
Քոքս իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ պատմականօրէն հայկական Արցախի տարածքի 80 առ հարիւրը այժմ բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ:
«2020ին Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փախուստ տուին աւելի քան 91,000 մարդիկ, որոնց 88 առ հարիւրը կիներ եւ մանուկներ էին: Աւելի քան 40 հազար մարդ զրկուած է տուներէ այնպիսի տարածքներու մէջ, ինչպէս՝ Շուշիի եւ Հադրութի շրջանները, որոնք տակաւին կը գտնուին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու բռնագրաւման տակ: Շրջանը այցելելու ցաւալի փորձառութիւնը ունեցած եմ աւելի քան 85 անգամ՝ 1990ականներու եւ 2020ի պատերազմներուն ընթացքին: Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին այցելեցի Հայաստանի Սիւնիքի մարզը՝ ականատես ըլլալու համար ատրպէյճանական զինեալ ուժերու Հայաստանի տարածք ներխուժման պատճառով յառաջացած տառապանքներուն, ինչ որ յանգեցուց տեղւոյն բնակչութեան տեղահանութեան՝ ինքնին Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Անթիւ գաղթականներ կը նկարագրեն հարազատներու կորուստի ցաւը, իսկ Ատրպէյճան նախկինին պէս կը խախտէ 2020ի զինադադարի պայմանները՝ ձերբակալելով հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները ու վայրագութիւններ կատարելով՝ երբեմն սարսափելի գործողութիւններ նկարահանելու համար բանտարկեալի հեռաձայնը օգտագործելով, ապա լուսանկարները անոնց ընտանիքներուն ուղարկելով: Գաղթականները կը նկարագրեն նաեւ ապրուստի միջոցներու, գիւղատնտեսական հողերու, ջուրի հարստութիւններու եւ այլ կենսական ենթակառոյցներու կորուստը: Սակայն, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը բրիտանական կառավարութենէն ոչ մէկ աջակցութիւն ստացած են: ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը անցեալ տարուան Մայիսին աներկբայօրէն յայտնեց, որ Ատրպէյճան, հակառակ միջազգային ընտանիքի եւ մասնաւորաբար ՄԱԿի կոչերուն, օգնութեան անխոչընդոտ մուտքը կ՛արգելակէ եւ այդ կացութիւնը կը մնայ նոյնը», իր ելոյթին ընթացքին շեշտեց Քոքս եւ եզրափակելով իր խօսքը՝ ան հարցուց, թէ կառավարութիւնը կրնա՞յ հաստատել, որ Բրիտանիա պիտի չանտեսէ օգնութեան այս ճիչը եւ պիտի ապահովէ՞ պատերազմի պատճառով տեղահանուած հազարաւոր հայերուն մարդասիրական հրատապ օգնութիւն:
Քոքս յորդորեց աւելի մեծ առաջնահերթութիւն տալ իր կողմէ մատնանշուած հարցերուն եւ նման կացութիւններու մէջ յառաջացող բազմաթիւ այլ հարցերու: