ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ կը շարունակուին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան վրայ պատերազմ սանձազերծելու եւ վարելու, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին նախապէս հաւաքագրուած վարձկաններ օգտագործելու, պատերազմ վարելու արգիլուած մեթոտներ եւ միջոցներ կիրարկելու, բնակիչները զինուորներէն չտարբերակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու քաղաքացիական բնակչութեան համակարգուած, կանխամտածուած եւ նպատակաուղղուած գրոհներ թիրախ դարձնելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերու լուրջ խախտումներ նկատուող արարքներ կատարելու փաստերուն առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Քննչական կոմիտէէն յայտնեցին, որ քրէական գործի ծիրին մէջ յստակացաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին իբրեւ արդիւնք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւը 3809 է: 19 Յունուար 2022ի դրութեամբ՝ անյայտ են 199 զինուորներու եւ 21 քաղաքացներու գտնուած վայրերը:
Մինչեւ օրս, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւն յանձնուած են գերի տարուած 141 զինուորներ եւ քաղաքացիներ։