ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Սատանաները դժոխքին մէջ չեն ըլլար: Ուրեմն ցարդ ձեր ունեցած տպաւորութիւնը ճիշդ չէր: Այդ ինքնաբանտարկութեան արարք մը պիտի ըլլար սատանաներուն կողմէ: Չարն ու չարիքը եթէ դժոխքի կրակին մէջ բանտարկուած ըլլային, ինչպէ՞ս պիտի ազդէին մեր վրայ: Անոնց անմիջական ներկայութիւնն է, որ մեր կեանքը դժոխքի կը վերածէ: Աւելին, եթէ անոնք այդ հրային փոսին մէջ երկար ժամանակ մնային, հիմա արդէն հալած ու սպառած պիտի ըլլային, իսկ մենք` մարդկութիւնը, ազատած անոնց ժխտական գործունէութենէն:
Այո՛, դժոխքը դատարկ է: Զուր տեղ չէ, որ ընտրեցինք այս խորագիրը, նախ ձեզ ազատելու աւելորդ մտատանջութենէ եւ խաղաղեցնելու համար ձեր հոգին, վստահեցնելով, որ չարն ու չարիքը այդ հրաշունչ վայրին մէջ կուտակուելով, աւելի մեծ փորձանքի պիտի չվերածուին ապագային:
Ոմանք իրենց կեանքին ընթացքին հանդիպած են սատանաներու, «ոչ ի քուն երազ եւ ո՛չ յարթնութեան տեսիլ», ուղղակի զգալով անոնց ժխտական դերակատարութեամբ ներկայութիւնը իրենց շուրջ:
Մէկը, իր այս տեսակի փորձառութիւնը պատմելով, իր տեսած սատանան կը նկարագրէր երկար իրանով, բայց կարճ ու ջլապինդ ոտքերով էակ մը, որ չղջիկի սրածայր թեւեր ունէր, եւ կրնար արագաշարժ թռիչքներ կատարել սենեակի մը առաստաղին մէկ ծայրէն միւսը: Աւելորդ է ըսել, որ այս մարդուն վկայութեամբ, զազրելի դէմք ունէր անսովոր այս էակը` սատանան, , որուն տգեղութեան չափանիշը չի կրնար կոտրել նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն տգեղ դէմք ունեցող գոյութիւնը, մարդ թէ անասուն:
Այո՛, դարձեալ կը կրկնենք, որ դժոխքը դատարկ է: Դժոխքին դատարկ ըլլալը ունի հիմնաւորուած փաստեր, որոնցմէ գլխաւորը, այս կեանքին մէջ չարերու ակնյայտ եւ մեծ քանակութեամբ ներկայութիւնն է: Մեր կեանքին ընթացքին, գրեթէ ամէն օր կրնանք հանդիպիլ չարին ազդեցութեան տակ տառապող եւ անոր սադրանքներուն ենթակուած զոհի մը:
Նոյն անձը, որ հանդիպած էր սատանային, անոր արտաքին տեսքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն մըն ալ կը յիշէր: Ըստ իր տուած վկայութեան՝ սատանային փշոտ ու նետասլաք պոչին երկարութիւնը շատ աւելի է, քան աշխարհի ամէնէն երկար երկաթագիծը…: Բնականաբար, նման նկարագրութիւն լսելէ ետք, դժուար է հաւատալ, որովհետեւ տրուած բացատրութիւնը երեւակայական կը թուէր ըլլալ: Սակայն, սոյն անօրինակ պոչին կատարած գործերէն կարելի է զգալ երկարութեան չափը, նոյնիսկ առանց չափած ըլլալու զայն:
Առականման ոճով պատմուածք մը տարածում գտած է․ անոր մէջ կը պատմուի, որ երկու ընկերներ հեռատեսիլով օրուան լուրերը լսելու պահուն կ՛իմանան Հնդկաստանի քաղաքներէն մէկուն մէջ բռնկած կռուի մը մասին: Իրենք նստած ըլլալով Միջին Արեւելքի երկիրներէն մէկուն մէջ, խոր ցաւ կը զգան եղածին համար: Այս զրոյցին կը մասնակցի սատանան, որ յանկարծ կը յայտնուի սենեակին մէջ, իրենց հետ դիտելով պատկերասփիւռի լրատուական յայտագիրը: Երկու ընկերները նախ կը ցնցուին, մանաւանդ անոր դժոխային քրքիջը լսելով, սակայն սատանան կը հանդարտեցնէ զիրենք՝ վստահեցնելով, որ պիտի չվնասէ: Երկու ընկերները զգուշաւորութեամբ կը սկսին մտածել այս տարօրինակ հիւրին մասին: Վերջապէս, ընկերներէն մէկը հետեւեալ տրամաբանական հարցումը կ՛ուղղէ սատանային.
– Բայց դուն մեր քովն ես, ինչպէ՞ս կրնաս Հնդկաստանի մէջ կռիւ բռնկեցնել: Ուրեմն ուրիշ մըն է այդ կռիւին պատճառը…:
– Ո՜չ, – կը պատասխանէ սատանան, – ճի՛շդ է, որ ես հոս եմ, բայց պոչս Հնդ-
կաստան է…:
Վերոյիշեալ առականման կարճ պատմուածքը նոր մտածումներու առիթ կը հանդիսանայ: Սատանային հանդիպած իւրաքանչիւր անձ, պէտք է իր միտքին մէջ բազմաապատկէ անոր պոչը: Այսինքն, թէպէտ իւրաքանչիւր կենդանի մէկ պոչ կ՛ունենայ, սակայն սատանան բազմաթիւ «պոչեր»ով օժտուած արտասովոր բան մըն է: Այդ պոչերը ոսկրային կազմով ճկուն մկաններ չեն անպայման, այլ անտեսանելի մտրակներու շաչիւնի նման կրնան գործել, անորոշ ուղղութիւններով հարուած հասցնելով իրենց տարածքին մէջ գտնուող զոհին:
Խորհրդանշական այլ իմաստ մըն ալ ունին նշեալ պոչերը: Անոնք կը խորհրդանշեն սատանային արբանեակները: Սատանան կրնայ դիմացդ նստիլ ժպտադէմ մարդու մը կերպարանքով, որ միաժամանակ քեզի սրտակից ու ցաւակից կը ձեւացնէ ինքզինք: Նախքան քեզի մօտենալը եւ քեզ գօտեպնդելը, սատանան իր «տան պարտականութիւն»ը կատարած կ՛ըլլայ արդէն: Ճիշդ այն պահուն, երբ ինք քու սենեակիդ մէջ նստած է, դուրսը քեզի դէմ լարած կ՛ըլլայ արդէն բազմաթիւ մարդիկ, որոնք իր հովանաւորութեամբ քու մահը կը նախածրագրեն…: Այսպէ՛ս կը գործէ սատանան եւ շուտով կը յաջողի ծլեցնել նոր «պոչեր», որոնք իր շուրջը կը դառնան, իրմէ անբաժան արբանեակներու նման:
Սատանան այնքան համոզիչ լեզու ունի, որ անոր լեզուի կախարդանքին զոհ կը դառնան նոյնիսկ իմաստուն համարուող անձեր: Ասոնց շարքին, աշխարհականներէ բացի, սովորական է հանդիպիլ նոյնիսկ հոգեւորականներու, ղեկավար համարուող մարդոց, ուսուցիչներու, ժողովուրդի այս կամ այն հաւաքական ծրագիրին գործօն մասնակցութիւն բերող անձերու, որոնք այնքան դիւրութեամբ, յանկարծ կրնան յայտնուիլ սատանայի խիտ ոստայնին մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, անոնք կը դառնան սատանային «պոչ»երը, այսինքն արբանեակները:
Սատանային արբանեակները ամէն տեղ են, որովհետեւ ըսինք արդէն, որ դժոխքը դատարկ է: Իցի՜ւ թէ կարելի ըլլար զանոնք բոլորը դժոխքին մէջ հաւաքել եւ անշէջ հուրով սպառել: Սակայն կեանքի բոլոր երեւոյթները եթէ բնականաբար պիտի ունենան իրենց հետեւանքները, ուրեմն նաեւ ունին իրենց սկզբնապատճառները: Ամէն ինչ ունի իր պատճառը: Առանց պատճառի ոչինչ կայ: Միակը, որ պատճառ չունի, անպատճառ Պատճառն է, որ է Աստուած: Ուրեմն, սատանային ու իր արբանեակներուն դժոխքէն դուրս եւ մեր շուրջ գտնուիլը ունի իր պատճառը: Այդ պատճառը` մեզ փորձութեան մատնելն է: Լաւին ու վատին, կամ որեւէ գոյնի մը, ուրիշ գոյնէ մը ունեցած տարբերութիւնը բնա՛ւ պիտի չգիտնայինք, եթէ ամէն մարդ լաւ ըլլար կամ միայն սպիտակ գոյն ըլլար աշխարհի մէջ: Այնպէս ինչպէս բազմագոյն աշխարհը բնական գեղեցկութեան վայելքը կու տայ մեզի, այնպէս ալ մարդոց «գոյնզգոյն» բնաւորութիւնները ուսանելի դասեր ունին մեզի համար: Բարիին բարութիւնը, յարաբերաբար չարին՝ աւելի երեւելի կը դառնայ մեզի, ու երբ համեմատենք զանոնք իրարու հետ կ՛իմանանք, թէ ո՛ր մէկը բարին է մեզի համար: Այլապէս, ըստ արժանւոյն պիտի չգնահատէինք բարին:
Դժոխքին դատարկ ըլլալուն դրական արդիւնքը այն է, որ մարդ փորձութիւններու կ՛ենթարկուի: Փորձութիւններու ենթարկուելու դրական արդիւնքը մարդուն այն է, որ կը կոփուի անոր նկարագիրը այս եւ մանաւանդ յաւետենական կեանքին համար: