ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան մերժեց, ըստ իրեն, Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «նախապայմանները»՝ երկու պետութիւններուն միջեւ սահմանազատման վերաբերող: Արդարեւ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքուի համար անընդունելի են Երեւանի նախապայմանները սահմանազատման սկսելու համար:
Նոյն ժամանակ, ԵԱՀԿի Ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ 19 Յունուարին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտեց, որ սահմանազատումը յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւոր բաղադրիչ է, եւ Պաքու հանդէս կու գայ զայն անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու սկսելու օգտին:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Պայրամովի յայտարարութեան՝ հաստատելով, որ սահմանազատման հարցով հայկական կողմը նախապայմաններ չունի, խօսքը պայմանաւորուածութիւններու մասին է:
Այս մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան ըսաւ. «Կարծում եմ՝ հարցի վերաբերեալ որոշակի թիւրըմբռնում կայ: Սահմանազատման հարցում հայկական կողմը նախապայմաններ չունի: Խօսքը պայմանաւորուածութիւնների մասին է: Նոյեմբերի 26ին Սոչիում Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի, Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան նախագահների կողմից ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կողմերը պայմանաւորուել են «քայլեր ձեռնարկել ադրբեջանահայկական սահմանին անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ գործը տանել դէպի սահմանազատման եւ սահմանագծման երկկողմ յանձնաժողովի ձեւաւորում»: Այս պայմանաւորուածութիւնը վերահաստատուել եւ զօրքերի յետքաշման գործընթաց սկսելու Մասին պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել Դեկտեմբերի 14ին Եւրոպական խորհրդի նախագահի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ղեկավարների՝ Բրիւսելում տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքում: Ըստ այդմ, հայկական կողմի առաջարկները ոչ թէ նախապայմանների, այլ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու մասին են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարծում է, որ օր առաջ պէտք է սկսել սահմանազատման գործընթացը՝ համաձայն վերը նշուած պայմանաւորուածութիւնների»:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 20 Յունուարին, կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս առնչութեամբ կարգ մը չակերտներ բացաւ եւ նշեց, որ առաջարկութիւնները կը ներառեն նաեւ Հայաստանի որոշ գիւղերու կողքէն կամ միջէն անցնող սահմանագիծի լուծումներ:
«Մեր առաջարկութիւնները նաեւ ներառում են նման իրավիճակների լուծումներ, դրա համար այնտեղ, որտեղ բնակավայրեր կան, սահմանապահ զօրքերը կանգնելու են հէնց բնակավայրի՝ դէպի սահմանին մօտ երկայնքով, լուծումն այդպիսինն է բնակավայրերի դէպքում», յայտնեց Գրիգորեան՝ շեշտելով, որ սահմանազատման, սահմանագծման գործընթացի պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ համայնք կամ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք չէզոք գօտիին մէջ չի կրնար յայտնուիլ, նման հարց չկայ:
Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ, իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է ճիշդ գնահատէ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւնները, որոնք ձեւաւորուած են տարածաշրջանին մէջ եւ անոնցմէ հետեւութիւններ ընէ:
«Յիշեցնելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հարցազրոյցը ատրպէյճանական պատկերասփիւռի կայաններուն՝ Հաճիեւ նշեց, որ հոն Ալիեւ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ան խօսեցաւ այն մասին, որ ինչեր հիմք կրնան դառնալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լուծման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման բանակցութիւններու մեկնարկի: Բնականաբար, Հայաստանէն համապատասխան արձագանգներու կը սպասենք: Երեւան պէտք է ճիշդ գնահատէ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւնները, որոնք ձեւաւորուած են տարածաշրջանին մէջ եւ հետեւութիւններ ընէ անոնցմէ», յայտնեց Հաճիեւը, ըստ haqqin.az-ի:
Յիշեցնենք, որ նշուած հարցազրոյցին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը քանի մը անգամ տարածքային պահանջներ ներկայացուց Հայաստանին՝ հասնելով հոն, որ ըսէ, թէ՝ «Զանգեզուրը, Սեւանը եւ Երեւանը ատրպէյճանական են», եւ նոյն ժամանակ դժգոհութիւն յայտնեց ռուս խաղաղապահներէն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն:
Every penny should be spent on arming the Armenian army.