ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները 13 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտի գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլու հեռաձայնած է՝ տեղեկանալու «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք Լափիտի առողջական վիճակի մասին:
Լափիտի գրասենեակը հեռաձայնային հաղորդակցութեան բովանդակութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չյայտնեց:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքը յայտնեց, որ երկու նախարարները խօսած են նաեւ իրենց երկիրներուն միջեւ կապերուն մասին:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը վերջին նշանն էր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ջերմացումին. անոնց յարաբերութիւնները լարուած էին 2010ին, թրքական «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դէմ կատարուած Իսրայէլի յարձակումէն ետք: