
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն Ազգային առաջնորդարանի երկարամեայ զօրակից եւ նուիրատու, Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան, ինչպէս նաեւ Ս. Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի գլխաւոր բարերարուհի Աշխէն Փիլաւճեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 23 Յունուար 2022ի երեկոյեան։
Հանգուցեալը իր հայրենասէր, ազգանուէր, կրթանպաստ ու եկեղեցաշէն բարեգործութիւններուն համար արժանացած է, Կիլիկեան Ասպետե շքանշանին, ձեռամբ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի ,Ս. Աշխէնե շքանշանին՝ Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան կատարած իր բարերարութեան համար։
Այս տխուր առիթով, Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին՝ Բեգլարին, եւ անոր կնոջ՝ Վերային, մեծ հարսին՝ Սօսիին, բոլոր թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ