
ԱՇԽԷՆ (ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ) ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1932ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Աշխէն Փիլաւճեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 23 Յունուար 2022ին։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակի ներկայ պայմաններուն բերմամբ՝ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի միայն ընտանիքի անմիջական անդամներով։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Բեգլար եւ Վերա Փիլաւճեան
Թոռները՝ Ալեքս Փիլաւճեան
Առէն Փիլաւճեան
Հարսը՝ Սօսի Փիլաւճեան
Թոռները՝ Հայկ Փիլաւճեան
Հրակ Փիլաւճեան
Խնամին՝ Սօսի Գամպէրեան
Եւ համայն Փիլաւճեան, Հելվաճեան, Քիլիտճեան, Գամպէրեան, Քիւրքճեան, Ասլանեան, Դեղրարեան, Գօգօրեան, Պայրամեան եւ Տէր Գէորգեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» Աղզգային մանկամսուրին (Holy Martyrs ARS Ashken Pilavjian Preschool). Checks payable to Holy Martyrs Pilavjian, 16617 Parthenia St. North Hills CA 91335։
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը (Armenian Cultural Foundation) իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի` Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան Ազգային մանկամսուրի բարերարուհիին մահուան տխուր առիթով, մանկամսուրի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմն ու հոգաբարձութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր բոլոր մանսաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի jանձնախումբը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի՝ Ազգային բարերարուհիին, մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ երեսփոխանական կազմը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ ծխական շրջանի անցեալի հոգաբարձու Բեգլար Փիլաւճեանին, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի՝ Ազգային բարերարուհիին եւ ՀՕՄԻ «Կարս» մասնաճիւղի երկար տարիներու նուիրեալ եւ գործօն անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆի՝ Ազգային բարերարուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու եւ Հոգեբանական կեդրոնի գրասենեակներու տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: