ՀԻՒՍԹԸՆ․- Houston Grand Opera-ն յայտարարեց երիտասարդ երգիչներու՝ «Էլընոր ՄըքՔալըմ» տարեկան 34րդ մրցոյթին առաջին երեք յաղթողները: Առաջին տեղը գրաւեց պարիթոն Նաւասարդ Յակոբեան, որ պիտի ստանայ 10,000 տոլար, երկրորդ տեղը՝ սոփրանօ Ըմենտա Պաթիսթա՝ 5000 տոլար, իսկ երրորդ տեղը՝ պաս-պարիթոն Ճոնկուն Հան՝ 3000 տոլար:
Նաւասարդ Յակոբեան ներկայիս կը մասնագիտանայ Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ եւ մենակատար է Երեւանի օփերայի Երիտասարդ երգիչներու ծրագiրին մէջ։