ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յօրինող Րաֆֆի Ալթունեան ներկայացուց իր եւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկոյի վերջին միացեալ ստեղծագործութիւնը։ Երգը կը կոչուի «Թռիչք Վերջին Անգամ»։
Խօսքերուն հեղինակը Րաֆֆին է, երաժշտութիւնը գրած է վաղամեռիկ եգիչ, երգահան Հայկոն։
«Իմ եւ ընկերոջս վերջին համատեղ աշխատանքը», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Րաֆֆին։
Երգը նուիրուած է 44օրեայ պատերազմին զոհուած ռազմական օդաչու, գնդապետ Արմէն Ներսէսեանի յիշատակին: