ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, 17 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ առցանց բանախօսութիւն մը՝ «Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին առջեւ» նիւթով։
44օրեայ պատերազմին ընթացքին հայութեան դէմ Ատրպէյճանի գործած ոճիրներուն գծով, Արդարադատութեան միջազգային ատեանին (ICJ) մէջ, Հայաստանի կողմէ անցեալ Սեպտեմբերին բացուած դատին մանրամասնութիւններուն մասին պիտի խօսի այդ ատեանին մօտ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ եւ միջազգային հարցերու յայտնի իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան։
Ներկայացման համահովանաւորն է՝ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS)։
Արձանագրուելու համար այցելել այս կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ կայքէջը։