ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կիրակի առտու արթնցայ ցնցող, բայց ոչ անսպասելի լուրով. Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարած է իր հրաժարականին մասին, երկրէն դուրս գտնուած պահուն, ամենայն հաւանականութեամբ՝ Լոնտոնի մէջ, մօտաւորապէս չորս տարուան պաշտօնավարումէ ետք:
Նախագահը կը ճանչնամ 30 տարիէ ի վեր: Ան բարձր կրթութեան տիրացած մարդ է՝ բազմաթիւ ձեռքբերումներով՝ բնագէտ, համակարգչային ձեւագիտութեան մասնագէտ, յաջողակ գործարար, դիւանագէտ եւ քաղաքական գործիչ (Հայաստանի նախկին վարչապետ եւ նախագահ):
Սարգսեան ծնած է Հայաստան, աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը՝ տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան գիտական աստիճաններով, իսկ այնուհետեւ դարձած է նոյն համալսարանի բնագիտութեան դոցենտ: 1982ին տեղափոխուած է Մեծն Բրիտանիա եւ դարձած Քեմպրիճի համալսարանի դասախօս: Ապա պաշտօնավարած է իբրեւ նոյն համալսարանի՝ բնագիտական բարդ երեւոյթներու համակարգչային ձեւագիտութեան ամպիոնի վարիչ:
1991ին, Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք, Սարգսեան դարձաւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի առաջին դեսպանը: Ան եղած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ 1996ի Նոյեմբերէն մինչեւ 1997ի Մարտ: Քաղցկեղէն ապաքինելէ ետք, ան նշանակուեցաւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) նախագահի յատուկ խորհրդական, իսկ 1998էն 2000՝ ՎԶԵԴի կառավարիչ: Ան պաշտօնավարած է Հարվըրտի եւ Շիքակոյի համալսարաններու անձնակազմերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կարգ մը հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու եւ խորհրդատուական մարմիններու մէջ:
2018ին, նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդարանին առաջարկեց Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը՝ իբրեւ իր իրաւայաջորդը, ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն քիչ մը առաջ: Վերջինս քննադատեց Սարգսեանի թեկնածութեան առաջադրումը:
Արմէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահ դարձաւ բարեփոխուած Սահմանադրութեամբ, որ իրեն կու տար արարողակարգային դեր՝ առանց քաղաքական որոշումներ կայացնելու իրաւունքի: Սարգսեան ունէր ընտրութիւն՝ կա՛մ հաստատելու Փաշինեանի առաջարկած նշանակումները եւ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած օրէնքները, կա՛մ զանոնք Սահմանադրական դատարան ներկայացնելու:
Նախագահի պաշտօնով, Սարգսեանի վստահուած էր Սահմանադրութեան դրոյթներու պահպանման ապահովումը: Ան պէտք էր նրբանկատօրէն նաւարկէր Հայաստանի գերլարուած քաղաքական մթնոլորտին եւ ծայրայեղ պառակտուած հասարակութեան միջեւ: Հակառակ իր պաշտօնէն բխած սահմանափակումներուն, ան կրցաւ օգտագործել իր միջազգային, քաղաքական եւ գործարար լայն կապերը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խթանելու եւ դէպի Հայաստան արտասահմանեան ներդրումներ խրախուսելու համար: Իր պաշտօնավարման ընթացքին, ան այցելեց տասնեակէ մը աւելի երկիրներ եւ ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ:
Այսուհանդերձ եւ միաժամանակ, Սարգսեան ենթարկուած էր Փաշինեանի համախոհներու անխնայ քննադատութեանց? անոնք առիթ չէին փախցներ խաթարելու անոր հեղինակութիւնն ու աշխատանքները: Ան յարձակումի ենթարկուած էր նաեւ ընդդիմադիր խումբերու կողմէ: Շատ աւելի քիչ հասկնալի է այն անընդհատ թմբկահարումը՝ դաւադրութեան տեսութեան սիրահար հայերու կողմէ, որոնք զայն կը մեղադրէին բրիտանական լրտես ըլլալու յանցանքով, առանց որեւէ փաստացի հիմքի: Անոնք մոռցած պէտք է ըլլան, որ Բրիտանիան այլեւս մեծ տէրութիւն չէ: Անիկա կորսնցուցած է իր հսկայական կայսրութիւնը, ուր՝ «արեւը երբեք մայր չէր մտներ»: Ներկայիս, Մեծն Բրիտանիան երկիր մըն է, որ ունի իր քաղաքական ու տնտեսական սեփական բազմաթիւ խնդիրները եւ չի գտնուիր Հայաստանի ներքին գործերուն խառնուելու վիճակի մէջ:
2019ին, նախագահ Սարգսեանի աշխատասենեակին մէջ անոր հետ իմ ունեցած յատուկ հանդիպման մը ընթացքին, ան խոստովանեցաւ ինծի՝ չարախօսներու կողմէ մնայուն քննադատութեանց արժանանալուն եւ իր գործունէութիւնը խաթարելու միտող անոնց շարունակական փորձերուն մասին:
Բոլորս կը յիշենք, որ Արմէն Սարգսեան միայն օր մը ետք հրապարակուած թերթերէ տեղեկացած էր, որ Փաշինեան 9 Նոյեմբեր 2020ին՝ արցախեան պատերազմի աւարտին, ստորագրած էր անձնատուութեան յայտարարութիւնը: Ի դէպ, Փաշինեան նուազագոյն քաղաքավարութիւնը չէր ունեցած տեղեկացնելու Հայաստանի նախագահը, իր ծանրակշիռ որոշումին մասին՝ ո՛չ նշեալ յայտարարութիւնը ստորագրելէ առաջ, ո՛չ ալ անկէ ետք: Ընդհանուր առմամբ, նախագահ Սարգսեան փորձած է յաղթահարել երեք առանձին խումբեր՝ Փաշինեանի կուսակիցները, ընդդիմութիւնը եւ դաւադրութեան տեսութեան սիրահար ամբոխին ստեղծած խոչընդոտները: Զայն ենթարկած են խստագոյն քննադատութեան՝ Փաշինեանի կողմէ ներկայացուած որոշ հրամաններու տակ իր ստորագրութեան համար, կամ՝ խորհրդարանի իշխող մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած օրէնքներու դէմ իր առարկութիւններուն համար: Սարգսեանի դէմ ամէնէն մեծ բողոքը բարձրացաւ 2020ի աշնան՝ արցախեան աւերիչ պատերազմէն անմիջապես ետք, երբ ան հրապարակայնօրէն թելադրեց Փաշինեանին՝ հրաժարական տալ:
Օրեր առաջ, իր հրաժարականի յայտարարութեան մէջ, նախագահ Սարգսեան կը դժգոհի՝ ըսելով, թէ ինք եւ «երբեմն ընտանիքը թիրախ կը դառնան քաղաքական զանազան խմբաւորումներու: Վերջինները այնքան ալ հետաքրքրուած չեն նախագահական հաստատութեան կողմէ ի շահ երկրին իրականացուած ձեռքբերումներով, որքան իմ անցեալով, դաւադրութեան զանազան տեսութիւններով ու միֆերով: Անձիս հանդէպ այդ «մտահոգուածութիւնը» դուրս կու գայ նաեւ բարոյականութեան սահմաններէն, վերջաւորութեան ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեանս վրայ»:
Աւելին, իր հրաժարականի յայտարարութեան մէջ նախագահ Սարգսեան կը մատնանշէ «այն փարատոքսալ իրավիճակը, երբ նախագահը ստիպուած է պետականութեան երաշխաւորը ըլլալ՝ փաստացիօրէն չունենալով իրական որեւէ գործիք: Սահմանադրութիւնը նաեւ կ՛ենթադրէ մէկ հիմնարկի գերակայութիւն միւսին նկատմամբ, Սփիւռքի յայտնի մասնագէտներու համար կը ստեղծէ խոչընդոտներ՝ պատմական հայրենիքի պետական հիմնարկներու կառավարման գործին մասնակցելու համար, եւ այլն…: Մենք խորհրդարանական հանրապետութիւն ենք ձեւով, բայց ո՛չ բովանդակութեամբ: Իմ առաջարկութեան իմաստը եւ նպատակը եղած է ոչ թէ կառավարման մէկ ձեւէն միւսին (խորհրդարանականէն կիսանախագահականի կամ նախագահականի) անցնիլը, այլ՝ զսպումներու եւ հակակշիռներու վրայ հիմնուած պետական համակարգ ստեղծելը»: Բացատրելով իր սահմանափակ լիազօրութիւններուն պատճառով Հայաստանի մէջ «ներկայ ազգային ճգնաժամ»ին դէմ պայքարելու իր անկարողութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը կ՛եզրափակէ զգուշացնելով, որ Հայաստան կրնայ մղուիլ «պատմութեան լուսանցք: Մենք այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք…»:
Սահմանադրութեան համաձայն՝ խորհրդարանի խօսնակ Ալէն Սիմոնեան այժմ նախագահի պաշտօնակատարն է, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնները՝ Սարգսեանի հրաժարականէն ոչ շուտ, քան 25, եւ ոչ ուշ, քան 35 օր ետք:
Սահմանադրութիւնը նաեւ կը նախանշէ խորհրդարանին կողմէ նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը. նախագահի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի խորհրդարանի անդամներուն առնուազն 25 տոկոսը: Նախագահ կ՛ընտրուի ան, որ կը ստանայ պատգամաւորներու քուէներուն առնուազն 75 տոկոսը: Եթէ ոչ մէկ թեկնածու յաջողի հաւաքել քուէներու 75 տոկոսը, ապա տեղի կ՛ունենայ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ, որուն կրնան մասնակցիլ առաջին փուլին մասնակցած բոլոր թեկնածուները: Երկրորդ փուլին նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ խորհրդարանի ընդհանուր քուէներու առնուազն 60 տոկոսը: Չընտրուելու պարագային՝ տեղի կ՛ունենայ երրորդ փուլ, որուն կրնան մասնակցիլ երկրորդ փուլին առաւելագոյն քուէներ հաւաքած երկու թեկնածուներ: Նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ երրորդ փուլին կը ստանայ խորհրդարանի քուէներու պարզ մեծամասնութիւնը:
Նախագահի թեկնածուն պետք է ըլլայ 40 տարեկանը ամբողջացուցած, վերջին վեց տարին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, վերջին վեց տարին Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատած, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող: Նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը եօթը տարի է: Ան չի կրնար վերընտրուիլ:
Նոր նախագահը պիտի ընտրեն խորհրդարանին մէջ վարչապետին կուսակիցները, քանի որ անոնք կը կազմեն պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը: Ես մտավախութիւն ունիմ, որ Փաշինեանի կողմէ կատարուած միւս նշանակումներուն պէս, յաջորդ նախագահը ընտրուի ոչ որակեալ անձնաւորութիւն մը, բան մը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ ներկայ վարչապետին նախընտրութիւնը կուսակցական քաղաքականութեան՝ ընդդէմ ազգային շահերուն:
Պետական խիստ անհրաժեշտ զսպումներ եւ հակակշիռներ հաստատելու փոխարէն՝ փաշինեանամէտ նախագահ ընտրելը աւելի կ՛ամրապնդէ բացարձակ իշխանութիւնը, զոր կը վայելէ միայն մէկ մարդ՝ վարչապետը: Ընդգծենք, որ ան հաստատեց մեր ամէնէն յոռի մտավախութիւնները, երբ 24 Յունուար 2022ին տուած իր ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Նախագահը, կառավարութիւնը եւ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը պէտք է քաղաքական ներդաշնակութիւն ունենան»: Այլ կերպով՝ զսպումներու եւ հակակշիռներու փոխարէն, Փաշինեան կը նախընտրէ միանձնեայ իշխանութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ