ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Թրքական բանակի սպաները կը մարզեն Ատրպէյճանի բանակին մէջ նոր կազմուած «Քոմանտօ» ստորաբաժանումները, կը հաղորդէ Millatgazete լրատուական կայքը։
Կը նշուի, որ թուրք մասնագէտներու համակարգումով իրականացուող մարզումներուն ընթացքին «Քոմանտօ» ստորաբաժանումի զինուորները ռազմականը ընդհարումի նմանեցուած պայմաններու մէջ կը զարգացնեն պատնէշներ յաղթահարելու, լեռնային պայմաններու մէջ մարտ վարելու, պաշտպանական խորութիւններ ներթափանցելու եւ բնակավայրերու մէջ յայտնուած յարձակողական խումբերը շրջափակելու եւ ոչնչացնելու ունակութիւնները:
Ի դէպ, «Քոմանտօ» միաւորումները ստեղծուած են ատրպէյճանական զինուժի որոշ հրաձգային զօրամասերու հիմքին վրայ՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք:
Այդ ստորաբաժանումները ցամաքային ուժերու յատուկ շարժուն խումբերն են, որոնք շատոնց կը գործեն թրքական բանակին մէջ: