
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 50 քոնկրեսականներ իրենց ձայնը միացուցած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ Յունական համախմբումի համաատենապետ Կասի Պիլիրաքիսի հեղինակած այն նամակին, որուն նպատակն է կասեցնել Թուրքիոյ արդիական F-16 ռազմական օդանաւեր ծախելու ծրագիրը։
Քոնկրեսականներու ամբողջական ցանկը կարդալու համար այցելել կայքը։
Քոնկրեսականներու այս ջանքին կը զօրակիցն նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ յունական, քրտական, միջին արեւելեան, հնդկական եւ քրիստոնէական շարք մը կազմակերպութիւններ։
40 նոր օդանաւեր գնելու կողքին, Անգարա կ՛ուզէ նաեւ իր ունեցած մօտաւորապէս 80 F-16 օդանաւերը արդիականացնելու սարքեր գնել Ամերիկայէն։
Քոնկրեսականները այս նպատակով արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթընին յղած են նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ նման վաճառք մը աւելի անզսպելի պիտի դարձնէ շրջանը ապակայունացնող Անգարայի միջամտութիւնները, յիշեցնելով, որ Անգարա շարունակաբար կ՛արհամարհէ ՆԱԹՕի օրէնքները։ Իբրեւ օրինակ նշուած են Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արցախի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ Թուրքիան F-35 ռազմական օդանաւերու ծրագիրէն դուրս հանելու ամերիկան արդար որոշումին հիման վրայ, պէտք է կասեցնել նաեւ F-16ներու վաճառքը, անտրամաբանական համարելով Ուաշինկթընի այն պնդումը, թէ Անգարա տակաւին Միացեալ Նահանգներուն համար «կարեւոր դաշնակից մըն է»։
Քոնկրեսականներուն նամակը կարդալու համար այցելեցէք կայքէջը։