Սիրոյ ամիսը նշելու համար, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը Փետրուարին՝ սիրոյ ամսուան ընթացքին, կը ձեռնարկէ դրամահաւաքի՝ աջակցելու համար Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքի «Տաք Ճաշ» ծրագիրին։
«Տաք Ճաշ» ծրագիրին միջոցաւ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան կամաւոր ընկերուհիները տաք ճաշ կը պատրաստեն համայնքի այն ընտանիքներուն համար, որոնք դժուարութեամբ ուտելիք կրնան ապահովել իրենց ընտանիքի անդամներուն: Լիբանանի ՀՕՄը (ԼՕԽ) շաբաթը մէկ անգամ ճաշ կը մատուցէ համայնքի 800 անդամներու, իսկ Սուրիոյ ՀՕՄը (ՍՕԽ) շաբաթական երկու անգամ 350 ճաշեր:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք մեր գաղութի բարերարներուն՝ կիսելու իրենց սէրը Փետրուար ամսուան ընթացքին՝ առատաձեռնօրէն նուիրելով պնակ մը կերակուր նախաձեռնութեան, ուրախացնելու եւ ոգեւորելու համար Լիբանանի եւ Սուրիոյ համայնքի մեր քոյրերն ու եղբայրները այս դժուար եւ անորոշ ժամանակներուն», ըսաւ ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ Գարոլին Շմաւոնեան՝ աւելցնելով․ «Միացէք մեր դրամահաւաքին եւ նիւթապէս օժանդակեցէք, որպէսզի մենք կարենանք շարունակել մեր շատ կարեւոր մարդասիրական առաքելութիւնը եւ օգնել բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին անօթութեան դէմ այս ճգնաժամի պայմաններուն մէջ»:
«Տաք ճաշի ծրագիր»ը (Պնակ Մը Կերակուր) առաջին անգամ իրականացուած է 1942ին, , Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ՍՕԽի, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ջաւօ Շանթի նախաձեռնութեամբ: Ջաւօ Շանթ կինն էր հայ մեծ գրող, պետական եւ հասարակական գործիչ, Համազգայինի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան հիմնադիր Լեւոն Շանթի։
«Պնակ Մը Կերակուր» ծրագիրը հետզհետէ ստացաւ մեծ ժողովրդականութիւն եւ անոր շնորհիւ տարիներէ ի վեր վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներ կը ստանան կանոնաւոր ուտելիք: Տասնամեակներ շարունակ ՀՕՄի անդամները աշխարհի տարածքին ուխտեցին օգնել կարիքաւոր ընտանիքներու՝ աշխարհի չորս ծագերուն:
Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին ու անկէ ետք, ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը իր նիւթական աջակցութիւնը բերաւ այս ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կարիքաւորներուն, որոնք տակաւին կը դիմակալեն տնտեսական եւ քաղաքական անկայունութիւն:
Յիշեալ ծրագիրին համար անհատներ նուիրատուութիւններ կրնան կատարել, այցելելով ՀՕՄԻ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու կայքը կամ գումարը ուղարկելով հետեւեալ հասցէին․ “Share the Love” – The Hot Meal Program
Armenian Relief Society of Eastern USA, Inc., 80 Bigelow Ave. Suite 200, Watertown, MA 02472։