ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 7 Փետրուարին, Հայաստան վերադարձան 8 գերիներ՝ Ֆրանսայի կառավարութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ: Օդակայանին մէջ գերիները դիմաւորուեցան Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին կողմէ, որոնք պարզեցին Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան դրօշները. այնտեղ էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Պաշտօնական Երեւանը հաստատեց Ատրպէյճանէն 8 գերիներու վերադարձի փաստը՝ հրապարակելով անոնց անուն-մականունները՝ Տարզեան Սարգիս, Բալայեան Վարդգէս, Պետրոսեան Արմէն, Բաբայեան Արթուր, Սարգսեան Հմայեակ, Գալոյեան Գուրգէն, Կիւրեղեան Գրիգոր եւ Մալոյեան Վաղարշակ:
Գերիներու այս խումբին վերադարձը յաջորդեց Ֆրանսայի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ Փաշինեան-Ալիեւ՝ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած հեռավար հանդիպման: Ատրպէյճանական աղբիւրներ տեղեկացուցին, որ 8 գերիներէն չորսը 16 Նոյեմբեր 2021ին Հայաստանի սահմանային մարտերուն ընթացքին ձերբակալուածներէն են: Շիրակի մարզպետը իր կարգին հաստատեց, որ վերադարձած 4 գերիներ Շիրակի մարզէն են:
Շիրակցիներէն 3ը 2020ի 44օրեայ պատերազմի դադարէն ետք Խծաբերդէն գերի ինկած պահեստազօրայիններէն են, իսկ մէկը՝ զինուած ուժերու պայմանագրային ծառայող է՝ գերի տարուած էր այս տարի, Իշխանասարի դիրքերէն:
Հայաստան ժամանելէն ետք, արդէն նախկին ռազմագերիները ենթարկուեցան բժշկական հետազօտութեան, որմէ ետք տեղափոխուեցան Քննչական կոմիտէ՝ հարցաքննութեան:
Գերիներու վերադարձին մասին ֆրանսերէնով, ապա նաեւ հայերէնով գրառում կատարեց Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն՝ գործողութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով եւրոպացի դիւանագէտներուն, ինչպէս նաեւ զինուորականներուն՝ «համախմբուած աշխատանքին համար»: Իր կարգին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել գրարում կատարելով՝ ըսաւ, որ 8 հայ ձերբակալուածներուն վերադարձը Ֆրանսայի, Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման յաջորդած «դրական զարգացումներու եւս մէկ նշան է»:
«Թուիթըր»ի վրայ այս մասին գրառում կատարած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ ըսելով. «Կ՛ողջունենք հայաստանցի ձերբակալուածներու ազատ արձակումը Ատրպէյճանի կողմէ: Կարեւոր մարդասիրական ժեսթ մը՝ որ կը հետեւի Ատրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին՝ Ուրբաթ օրը տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման»:
Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի Ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինա Փիրիսի կարեւոր նկատեց հայ գերիներուն վերադարձը Հայաստան՝ նշելով, որ դաշինքը կ՛աջակցի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Ասիկա լաւ նորութիւն է: ՆԱԹՕն կ՛արժեւորէ մեր գործընկերութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ, կ՛աջակցի անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է ան:
Մինչ օրս Ատրպէյճան Հայաստանին յանձնած է գերի տարուած 157 զինուորներ եւ քաղաքացիներ: Մինչեւ 7 Փետրուար՝ 8 գերիներուն վերադարձը, Ատրպէյճան կը հաղորդէր, որ իր հսկողութեան տակ կան 46 գերիներ, որոնցմէ 3ը քաղաքացիներ են:
Ըստ հայ իրաւապաշտպաններու տուեալներուն՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու թիւը աւելի մեծ է: Եթէ գերիներուն վերադարձի նախորդ պարագաներուն Ատրպէյճան փոխարէնը կ՛ակնկալէր ականապատուած տարածքներու քարտէսները, այժմ, ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու, Պաքու կ՛ակնկալէ տեղեկութիւններ Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ընթացքին զոհուած ատրպէյճանցի զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու մասին, որոնք, ինչպէս իրենք կ՛ենթադրեն, թաղուած են եղբայրական գերեզմաններու մէջ:
Այս առնչութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ անհետ կորսուածներու ճակատագիրներու բացայայտման առումով հայկական կողմը միակողմանի որեւէ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած։ «Ինչպէս առաջին, այնպէս էլ երկրորդ արցախեան պատերազմում հայկական կողմն ունի անհետ կորածներ: Կարեւորում ենք անհետ կորածների ճակատագրերի բացայայտումը», դիտել տուաւ Յունանեան: