ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններուն հետ համագործակցելով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը Յունիս 2021էն ի վեր կրցած է առաւել քան 3 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահոված է »Քովիտ«ի համաճարակէն տուժած բնակարաններու վարձակալներու:
Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը շեշտէ, թէ Լոս Անճելըս քաղաքի եւ գաւառի բնակիչները, որոնք համաճարակին պատճառով տուժած են, տակաւին կրնան իրենց բնակարանի վարձքերը վճարելու համար օժանդակութիւն խնդրելու դիմումներ ներկայացնել՝ այցելելով այս նպատակով հաստատուած համացանցային կայքէջը, կամ դիմելով Կլենտէյլի ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը՝ այս ծրագիրի պատասխանատուին` Վիգ Քէօսեանին, (818) 253-4741 թիւով:
Գրասենեակը կը տրամադրէ սպասարկութիւն հայերէնով, սպաներէնով, պարսկերէնով եւ անգլերէնով եւ շաբաթական մօտաւորապէս 30 ընտանիքներու աջակցութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը ունի:
Համաճարակէն տուժածներու աջակցութեան այլ կարելիութիւններու ծանօթանալու համար կարելի է դիմել ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը` (818) 241-7533 թիւով: