
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Թարգմանական ծրագրեր եւ աջակցութիւն ստեղծագործողներին ու հետազօտողներին» դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրին մէջ, «Անտարես» հրատարակչութիւնը հրատարակեց Աշոտ Ալեքսանեանի «Եղիշէ Չարենցը Եւ Եւրոպական Գրական Աւանդոյթը» մենագրութիւնը:
Գիրքը նուիրուած է Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններուն մէջ եւրոպական գրական աւանդոյթներու արծարծման՝ խորհրդապաշտութենէն մինչեւ խորհրդագիտութիւն, ապագայապաշտութենէն մինչեւ արտայայտչականութիւն, ապա՝ նորդասականութիւն եւ վերադարձ դէպի խորհրդապաշտական:
Յատուկ անդրադարձ կատարուած է եւրոպական մշակութային դաշտ ներթափանցած պուտտայականութեան վարդապետութեան հետ Չարենցի առնչութիւններուն: