
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Թէ. Ռէ. Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանէն ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ի շարս այլ նիւթերու, անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հետ կապերուն:
Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնը կ՛ուզէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներ կազմակերպել: «Մենք կ՛ուզենք հանդիպումներ կայացնել Անգարայի եւ Երեւանի մէջ, սակայն հայկական կողմը ընտրած է երրորդ երկիրը: Ոչինչ, կարեւորը, հոլովոյթը տեղի կ՛ունենայ», դիտել տուաւ Չաւուշօղլու՝ յիշեցնելով, որ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, իսկ երկրորդը նախատեսուած է 24 Փետրուարին, Վիեննայի մէջ:
Ան նշեց, որ Հայաստան պէտք է օգտուի առիթէն եւ վերատեսութեան ենթարկէ իր դիրքորոշումները: Ըստ նախարարին՝ Թուրքիա Հայաստանի վերաբերեալ բոլոր քայլերը կը քննարկէ Պաքուի հետ, իսկ Ատրպէյճան կ՛արտայայտուի Հայաստանի հետ երկրաժամկէտ խաղաղութեան ի նպաստ: «Մենք միամիտ չենք: Միաժամանակ կը գիտակցինք վճռական քայլերու անհրաժեշտութեան», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Ան աւելցուց, որ այժմ տարածաշրջանին մէջ պէտք է հաստատուի խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն: «Մենք պէտք է աշխատինք տարածաշրջանի զարգացման վրայ՝ իրականացնելով կարեւոր ծրագիրներ: Այս մէկը ընելու համար բոլոր երկիրները պէտք է զիրար հասկնան եւ այդ հոլովոյթին մասնակցին: Ոչ ոք պէտք է ետ մնայ, ներառեալ Հայաստան», շեշտեց Չաւուշօղլու:
Խօսելով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ Չաւուշօղլու շեշտեց, որ «Շուշիի հռչակագիր»ին շնորհիւ երկիրներուն յարաբերութիւնները հասած են ռազմավարական համագործակցութեան որակական նոր մակարդակի: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ապագան եւ ճակատագիրը սերտօրէն կապուած են իրարու:
Մինչ այդ, նոյն օրը, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ Հայաստան պաշտօնապէս չարձագանգեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն կողմէ «Շուշիի հռչակագիր»ի վաւերացման՝ ըսաւ. «Մենք պարբերաբար մեր շուրջ անվտանգային միջավայրը գնահատում ենք եւ դրա հետ կապուած քայլեր ենք կատարում: Այդ քայլերի մի մասը կարող է լինել հրապարակային, մի մասը ոչ հրապարակային, բայց ցանկացած գործընթաց, որը տարածաշրջանում տեղի է ունենում, մեր ուշադրութեան կենտրոնում է, եւ անհրաժեշտութեան դէպքում տարբեր ձեւերով արձագանգում ենք»: