ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրաինիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Երկուշաբթի օր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Քիեւ այցելած Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ, սակայն անկէ չկրցաւ ապահովել ռազմական աջակցութեան կամ Ռուսիայէն Գերմանիա երկարող կազատարը Մոսկուայի դէմ իբրեւ զէնք գործածելու խոստումներ:
Գերմանիա տագնապին առաջին օրէն միայն նիւթական աջակցութիւն խստացած է Ուքրանիոյ եւ Շոլց յիշեցուց, որ Գերմանիա կը մնայ Ուքրանիոյ մեծագոյն քանակութեամբ նիւթական աջակցութիւն տրամադրող երկիրը: Շոլց նաեւ շեշտեց, թէ Արեւմուտքը խիստ պատժամիջոցներու պիտի դիմէ, եթէ Ռուսիա Ուքրանիա ներխուժէ:
Նախանցեալ օրերուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նախազգուշացուցած էր, որ երբ ամերիկացիներն ու ռուսերը Ուքրանիոյ մէջ սկսին իրարու վրայ կրակել, ատիկա համաշխարհային պատերազմ պիտի դառնայ, «եւ մենք պիտի յայտնուինք բոլորովին այլ աշխարհի մէջ»: Այս բոլորին լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կոչ ուղղած էր Ուքրանիոյ մէջ Ամերիկայի քաղաքացիներուն, որ անմիջապէս հեռանան Ուքրանիայէն: Նոյնը ըրած են շարք մը այլ երկիրներ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւս յայտարարեց, որ գոյութիւն ունին Ուքրանիոյ դէմ ռուսական մագլցողական քայլերու ցուցանիշներ:
Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման դիւանագիտական ճամբան տակաւին բաց է եւ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղեն շարժելու լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին յայտնեց Պլինքընը, հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին:
«Ես հասկցուցի, ինչպէս նախագահը (Ճօ Պայտընը)՝ Ռուսիոյ նախագահ Փութինին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըրած էր, որ այս ճգնաժամը լուծելու դիւանագիտական ճամբան կը մնայ բաց», ըսաւ Պլինքըն՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա պէտք է զբաղի լարուածութիւնը նուազեցնելով, ոչ թէ յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծելով, եւ «ո՛չ միայն պէտք է խօսի իրավիճակէն դիւանագիտական ելքի ձգտելու մասին, այլ իսկապէս աշխատի այդ ուղղութեամբ»:
«Մեր զրոյցի ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը ըսաւ, որ ռուսական կողմը կ՛աշխատի այն փաստաթուղթի պատասխանին վրայ, որ մենք ուղարկած ենք Մոսկուա աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, եւ ուր մենք առաջարկած ենք քննարկման յստակ ոլորտներ», ըսաւ Պլինքըն, ակնարկելով Եւրոպայի ապահովութեան առնչուող փաստաթուղթին:
Ըստ Պլինքընի, ռուսական կողմի պատասխանը ստանալէ ետք Միացեալ Նահանգներ պատրաստ պիտի ըլլայ այդ գծով համախոհութիւն գոյացնելու դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ Մոսկուա անհանգստացած է Ուքրանիոյ մէջ ԵԱՀԿի յատուկ դիտորդական առաքելութեան անձնակազմը վերաբաշխելու որոշումով, աւելցնելով. «առաքելութիւնը միտումնաւոր կերպով կը ներքաշուի Ուաշինկթընի կողմէ հրահրուած ռազմատենչ հոգեկան խառնաշփոթութեան մէջ եւ կ՛օգտագործուի իբրեւ հաւանական սադրանքի գործիք»:
Զախարովա նաեւ ըսաւ, որ Մոսկուա կոչ կ՛ընէ ԵԱՀԿի ղեկավարութեան՝ թոյլ չտալու, որ կազմակերպութիւնը ներքաշուի Ուքրանիոյ շուրջ «անբարեխիղճ քաղաքական խաղերու մէջ»:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ երկրին օդային տարածքը փակելու մասին տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան: «Օդային տարածքի փակումը երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ որեւէ որոշում չէ տրուած այս առնչութեամբ», աւելցուց նախարարութենէն:
Լրատու գործակալութեան տուեալներով՝ օդանաւային ընկերութիւններուն մեծ մասը կը շարունակէ գործել առանց սահմանափակումներու:
Նաեւ, Ֆրանսիս պապը կիրակնօրեայ աւանդական պատարագէն ետք, ուղերձով դիմելով Վատիկանի մէջ Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն, աղօթեց Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար: «Ուքրանիայէն ստացուող լուրերը մեծ տագնապ կը յառաջացնեն, յանուն խաղաղութեան բոլոր ջանքերը կը վստահիմ Մարիամ Աստուածածինի բարեխօսութեան եւ քաղաքական առաջնորդներու խիղճին, աղօթենք լռութեան մէջ», ըսաւ պապը:
Ֆրանսիս պապը բազմիցս անդրադարձած է Ուքրանիոյ հարցին եւ կոչ ուղղած՝ «միջազգային երկխօսութեամբ լուծելու ճգնաժամը»: