
Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան անդամ քոյր Լուիզա Գասարճեան նշանակուած է մեծաւորուհի` Յունուար 17էն ստանձնելով վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատուութիւնը:
Քոյր Լուիզա պիտի վերահսկէ վարժարանին կրթական եւ ելեւմտական գործառնութիւնները, ինչպէս նաեւ դպրոցին Խորհրդատուական խորհուրդին, Ակադեմական վարչակազմին ու Ծնողներու օժանդակ յանձնախումբին գործունէութիւնը:
Քոյր Լուիզա ունի դպրոցի կառավարման ոլորտին մէջ հարուստ փորձառութիւն: Ան քառասուն տարի ծառայած է Ֆիլատելֆիոյ մեր դպրոցին` որպէս խորհուրդի գանձապահ, տնօրէնի օգնական եւ տնօրէն՝ 24 տարի: Որպէս տնօրէն պաշտօնավարման ընթացքին, քոյր Լուիզան դպրոցին շէնքը հարստացուցած է գեղեցիկ գրադարանով, մեծ սենեակ/թատրոնով, գիտական փորձարկումներու յատուկ դասարանով, համակարգիչի դասարանով, երաժշտութեան համար նախատեսուած սենեակով եւ մարզասրահով: Ան նաեւ աշխատած է Սուրիոյ մէջ, Հալէպի «Զուարթնոց» երկրորդական վարժարանին մէջ, մեծ նուիրումով եւ գերազանցութեամբ:

Քոյր Լուիզա Գասարճեան Պսակաւոր արուեստից (BA) վկայական ունի կրթութեան (Education) բնագաւառին մէջ եւ ուսումնական կառավարման (Educational Administration) բնագաւառին մէջ՝ Մագիստրոսի վկայական, ինչպէս նաեւ մասնագիտացած է Montessori կրթական մեթոտաբանութեան մէջ: Ան նաեւ ունի զանազան վկայականներ կրթական ոլորտին հետ առնչուած: Քոյր Լուիզա ծառայած է Միաբանութեան խորհուրդին մէջ երկու շրջան` իւրաքանչիւրը 6 տարի:
Վստահ ենք, որ 175ամեայ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հովանիին տակ գործող՝ 37ամեայ Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը, քոյր Լուիզա Գասարճեանի մեծաւորութեամբ, տնօրէն դոկտ. Խուլիօ Թէյէզի եւ փոխտնօրնէուհի Ռիթա Պոյաճեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ վարժարանիս ուսուցչական կազմին եւ զանազան խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն համագործակցութեամբ, նոր թափով պիտի շարունակէ իր երթը դէպի ապագայ եւ յաջողութեամբ պսակուող ուսումնական նոր տարեշրջաններ:
(Հաղորդագրութիւնը՝ վարժարանէն)