ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Միրզոյեան եւ Լաւրով անդրադարձան եռակողմանի յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Զրուցակիցները ընդգծեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու վերաբերող քայլերու կարեւորութիւնը եւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով գործիքակազմերու ձեւաւորումը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները նաեւ անդրադարձան երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի հարցերու:
Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: