ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Փետրուար 17ին կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստը հաստատեց Եւրոպական Միութեան «Ընդհանուր արտաքին եւ ապահովական քաղաքականութեան» տարեկան բանաձեւը, որ անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 20ին ընդունուած էր խորհրդարանին Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ:
Արցախեան հակամարտութեան վերաբերող դրոյթները վերջնական բանաձեւին մէջ մնացին անփոփոխ, հաստատելով, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ հարթակը՝ ազգերու ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան, ուժի չկիրառման եւ տագնապին խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն հիման վրայ:
Այս առիթով, խորհրդարանը կոչ կ՛ընէ Մինսկի խմբակին, որ անյապաղ ստանձնէ միջնորդի իր դերը եւ կը յորդորէ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններուն եւ անդամ երկիրներուն, որ աշխուժօրէն մասնակցին Արցախի հիմնախնդիրի տեւական լուծում գտնելու ջանքերուն:
Անդրադառնալով բանաձեւին՝ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտեց. «Այս բանաձեւով Եւրոխորհրդարանը սկզբունքային շեշտադրումներ կ՛ընէ, ի հեճուկս իրականութիւնը խեղաթիւրելու Ատրպէյճանի ջանքերուն: Խիստ որոշիչ է Պրիւքսէլի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Աղաջանեանի եւ իր դիւանագիտական խմբակի արդիւնաւէտ եւ աշխոյժ աշխատանքը այս ուղղութեամբ: Անշուշտ, ինչպէս անցեալին, Հայ Դատի գրասենեակը կը շարունակէ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու եւ քաղաքական շրջանակներու իրազեկման շարունակական աշխատանքը՝ ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն»: