
ԷՆՍԻՆՕ.- ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Մայք Սարեան 100,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է կոմիտէութեան, որ այդ գումարը պիտի յատկացնէ 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316 հասցէին գտնուող Հայ Կեդրոնին գաւիթը պողպատեայ ամպհովանիով ծածկելու իր երկար տարիներու նպատակը իրականացնելու ծրագիրին:
Իբրեւ երախտագիտական քայլը, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն որոշած է Խաթուն Սարեանի անունով կոչել գաւիթը:
Գաւիթը պիտի գործածուի կեդրոնին բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցիին կողմէ: