ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններու (ՀՅԴ, ԱԺԿ, «Արդարութիւն») 16 Փետրուարի յայտարարութենէն ետք (Արցախի նախագահը ձերբակալելու գծով Ատրպէյճանի դատախազութեան յայտարարութեան լոյսին տակ), ընդդիմադիր խմբակցութիւններու նախաձեռնութեամբ, 17 Փետրուարին խորհրդակցութեան նպատակով Ազգային ժողով հրաւիրուեցաւ Արցախի գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեան:
Քննարկումներուն մասնակցեցան Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Արցախի «Արդարութիւն», «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Արցախի գլխաւոր դատախազը պատգամաւորներուն հանգամանալից կերպով բացատրութիւններ ու մեկնաբանութիւններ տուաւ թէ՛ 44օրեայ պատերազմին յաջորդած զարգացումներուն եւ թէ անցեալին տեղի ունեցած ատրպէյճանական կողմի սադրանքներուն ու ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով Արցախի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ յարուցուած քրէական գործերու ծիրին մէջ տարուող գործողութիւններուն մասին:
Ասոր զուգահեռ, Արցախի շուրջ երեք տասնեակ հասարակական կազմակերպութիւններ հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որուն մէջ դատապարտեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի դէմ ուղղուած Ատրպէյճանի դատախազութեան՝ վերջերս կատարած յայտարարութիւնը՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի ահաբեկչութիւնը առաջին հերթին ուղղուած է Արցախի պետականութեան եւ քաղաքացիին դէմ:
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններու՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ձերբակալելու պետական բարձրագոյն մակարդակով ուղղած սպառնալիքները կը հանդիսանան ահաբեկչական քաղաքականութեան վառ դրսեւորում, միջազգային հիմնարար սկզբունքներու կոպտագոյն ոտնահարում եւ կը հետապնդեն հեռահար աշխարհաքաղաքական նպատակներ:
«Այս յանցաւոր ծրագրերը նպատակ ունեն կաթուածահար անել Արցախի Հանրապետութեան կառավարման համակարգը, խուճապ սերմանել Արցախի հասարակութեան մէջ, խարխլել մեր երկրի կապը արտաքին աշխարհի հետ, խաթարել Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութիւնը, աւարտին հասցնել Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի ծաւալապաշտական ծրագրերը:
«Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանը, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեանը, ՄԱԿին՝ դատապարտել ադրբեջանական պետական ահաբեկչական քաղաքականութիւնը, քայլեր ձեռնարկել այն սանձելու ուղղութեամբ: Նման քաղաքականութիւնը վտանգ է ներկայացնում ոչ միայն Արցախի եւ նրա քաղաքացու, այլ ողջ քաղաքակիրթ հանրութեան նկատմամբ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: