
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս տարածեց կեղծ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, իբր թէ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 20 եւ 21 Փետրուարին կրակ բացած են Շոշ եւ Թաղավարդ գիւղերու յարակից տարածքին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
«Ադրբեջանի ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ շարադրուած փաստերն ամբողջովին կեղծ են: Հրադադարը նշուած հատուածում իրականում խախտել են ադրբեջանական ստորաբաժանումները՝ անկանոն կրակ բացելով ՊԲ դիրքերի ուղղութեամբ: Հրադադարի խախտման հետեւանքով տուժածներ եւ նիւթական վնասներ չկան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ բանակի հաղորդագրութեան՝ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն կողմէ զինադադարի խախտման փաստին մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: