
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ «Գույումճեան ընտանիք»ի հիմնադրամին համահովանաւորութեամբ, Մարտ 4ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, համալսարանին համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ նորակազմ «Կոմիտաս» եռեակին անդրանիկ ելոյթը։
Հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները տարածելու նպատակով կազմուած «Կոմիտաս» եռեակին մաս կը կազմեն՝ ջութակահար Արուսեակ Պալթայեան, թաւջութակահար Գարիկ Թերզեան եւ դաշնակահար Միքայէլ Գրիգորեան։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։