ՊԸՐՊԵՆՔ․- Օրհնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, հրատարակուեցաւ Յովսէփ Ա. Քհնյ. Յակոբեանի՝ «Հաւատի Ու Յոյսի Պսակը» (քարոզների ընտրանի) հատորը:
Տէր Յովսէփը այն նախանձախնդիր հոգեւորականներէն է, որու հոգեշունչ քարոզները, սնած ըլլալով կեանքի իրական պատկերներէն, ազդու ներգործութիւն կ՛ունենան ընթերցողներու վրայ: Եւ այս անգամ, տէր Յովսէփի ժողովածուն սնունդ առած է Արցախեան գոյամարտէն, եւ նուիրած է 2020ի պատերազմին «վասն հայրենեաց, վասն հաւատքի» նահատակուած հոգեւորականներուն եւ զինուորներուն: Սքանչելի մտայղացում մը, քանզի իւրաքանչիւր հայորդի պարտի խոնարհիլ Արցախեան հերոս նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ պատգամներ առնել իրենց նահատակութենէն, քանզի մեր նահատակ զինուորները կեանք զոհաբերեցին, որպէսզի շարունակենք ապրիլ ճշմարիտ հաւատով ու հայրենասիրութեամբ:
Կատարելութեան հասնելու, հաւատքով բուժուելու, համբերութեան, ազնուութեան եւ բազում այլ քրիստոնէավայել առաքինութիւններու մասին են տէր Յովսէփի քարոզները: Իսկապէս հոգեւոր հաց են այս քարոզները հաւատացեալ ընթերցողի համար, որպէսզի կարող ըլլայ կեանքն ապրելու Աստուծոյ պատգամներով պարուրուած, որպէսզի գործնապէս աջակից ըլլայ բարեկամին ու աջակից՝ նահատակներու ընտանեաց:
Թող Տէր Յովսէփի քարոզներու այս ժողովածուն ամոքիչ ուժ ունենայ արցախեան գոյամարտի վէրքերուն, եւ թող մեր նահատակ հերոսները երկինքէն շարունակեն իրենց կեանքի ուղին:
(Հաղորդագրութիւնը՝ առաջնորդարանէն)