ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հայոց պատմութեան ամէնէն ոգեւորիչ եւ հայկական ինքնութիւնը էապէս ներկայացնող դէպքերէն՝ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին։
Փետրուար 24ի առաւօտուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տօնին նուիրուած Ս. պատարագ մատուցուեցաւ՝ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին երգեցողութեամբ։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մակար եպս. Աշգարեան։ Սրբազանը իր քարոզին սկիզբը մէջբերեց Պօղոս առաքեալին եբրայեցիներուն ուղղած նամակին 12րդ գլխէն հատուած մը, ուր առաքեալը կը յորդորէ մէկ կողմ ձգել մեղքը ու համբերատարութեամբ դիմադրել փորձութիւնները, մանաւանդ երբ բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք։ Այս դիտանկիւնէն խօսելով Սրբոց Վարդանանց քաջութեան մասին, սրբազանը դիտել տուաւ, որ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած ճակատամարտի տօնը նորոգեց հայուն կեանքը եւ տարբեր ուժականութեամբ ամրապնդեց անոր պայքարելու եւ գոյատեւելու կամքը։
Սրբազանը, ապա հաւատացեալներուն հրաւիրեց վերանորոգուելու Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներու խորհուրդով եւ լուսարձակի տակ առաւ երեք հիմնական պահանջներ՝ պայքարը մղելու պատրաստութիւն, մասնակցութիւն եւ յարատեւութիւն։

Վերջապէս, քարոզիչ սրբազանը յորդորեց հեռանալ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը վտանգող բաներէ՝ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին. «Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդանանց սուրբ զօրավարները Քրիստոսը, Աւետարանն ու եկեղեցին դարձուցին իրենց հաւատքի առանցքը։ Իրենց հայեացքը ուղղեցին յաւիտենական ճշմարտութեան, անկորնչելի գանձին եւ երկնային արքայութեան, որոնց շնորհիւ «մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով կրցան պայքարիլ ու նահատակուիլ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց», եզրափակեց ան։
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Ս. պատարագին չկրցաւ մասնակցիլ, նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու նշաններ ցոյց տուած էր եւ յետ քննութեան բժիշկները թելադրած էին որոշ շրջան մը հանգիստանալ։