ՖՐԵԶՆՕ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ Թորգոմ եպս․ Տօնոյեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, Փետրուար 21-23ին համախմբուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս․ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ երդիքին ներքոյ եւ երկօրեայ համագումարի ընթացքին ապրեցաւ հաւատքի վերանորոգութեան բացառիկ ու նշանակալի օրեր:
Հոգեւոր մթնոլորտով յագեցած այս համագումարին ուղենշային թեմա հանդիսացաւ Արամ Ա․ կաթողիկոսի «Taking the Church to the people» («Եկեղեցին Տանիլ Դէպի Ժողովուրդը») հատորը։ Խնամուած դասախօսութիւններու ներկայացման առընթեր կատարուած քննարկումները, հոգեւոր հայրերու բազում տարիներու փորձառութեանց կիսումը, հոգեւոր մտամփոփման պահերն ու ծիսական արարողութիւնները վերաշխուժացուցին տաճարի սպասաւորներուն ծառայական կամքն ու թափը եւ նորոգեցին անոնց հոգեւոր ու ազգային յանձնառութիւնները։
Ֆրեզնոյի Ս․ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն համար եւս, սոյն համախմբումը վերածուեցաւ հոգեւոր արթնութեան մղիչ ուժի: Անոնք սիրայօժար, ներքին բաւարարուածութեամբ ու խնդութեամբ ստանձնեցին համագումարի երկօրեայ հիւրընկալութեան աշխատանքները։
Համագումարի աւարտին, «Սփիւռքի Տարուան» առիթով թեմի Հոգեւորականաց դասը կատարեց հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը.
Ա) Մենք՝ Արեւմտեան թեմի Հոգեւորականաց դասս, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից օրինակին առջեւ կը վերանորոգենք մեր քահանայական ուխտը՝ Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռին ճամբով ծառայելու հայ ժողովրդեան, ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ։
Բ) Վեհափառ հայրապետին «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրը կը դարձնենք առաջնորդող ուղեցոյց, վերակազմակերպելու համար մեր ծառայութիւնը, վասն Հայ Սփիւռքի հզօրացման եւ ի խնդիր Մայր Հայաստանի յաւերժութեան։
Գ) Լիբանանի հայութեան բազմաշերտ տագնապները աչքի առաջ ունենալով, ծանօթ է, որ Արեւմտեան թեմը զանազան նախաձեռնութիւններով եղբայրական ձեռք երկարեց Լիբանանի մեր ժողովուրդին։ «Սփիւռքի Տարուան» առիթով եւ Մեծ Պահոց սեմին կանգնած՝ որպէս մարդասիրական նոր նախաձեռնութիւն, Հոգեւորականաց դասը այսու յանձն կ՛առնէ զանազան միջոցներով հովանաւորելու Լիբանանի ազգային վարժարաններ յաճախող 100 աշակերտներու 2022-2023 տարեշրջանի կրթաթոշակը:
Դ) Առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումով, 24 Ապրիլ 2022ին (Նոր Կիրակի), յընթացս Ս․ պատարագի, Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց նահատակաց մասունքներ պարունակող խաչերով Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն պիտի կատարուի մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Ե) Այսու կոչ կ՛ուղղենք հաւատաւոր մեր ժողովրդեան, 1 Յուլիս 2022ին ուխտաւորաբար ներկայ ըլլալու Սփիւռքի լուսավառ կեդրոն՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի հայրապետանոց, մասնակից դառնալու համար Միւռոնօրհնութեան խորհրդաւորագոյն արարողութեան, որ պիտի կատարուի ձեռամբ Արամ Ա․ կաթողիկոսի։
ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ