
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք Արմենիա»․- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ռուսական կողմին դժգոհութիւն յայտնած է 1828 թուականի Թիւրքմենչայի դաշնագրին մասին «խեղաթիւրուած» տեղեկատուութիւն հրապարակելու առնչութեամբ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ, Պարսկաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած դաշնագրին ստորագրութեան 194ամեակին առիթով հետեւեալ հրապարակումը տեղադրուած էր․ «Ռուսական կայսրութեան անցան Էրիւանի ու Նախիջեւանի խանութիւնները (Արեւելեան Հայաստան): Իրանի կառավարութիւնը պարտաւորուած էր չխոչընդոտել հայերու Հայկական մարզ տեղափոխման…»:
Ատրպէյճանցիներուն զայրացուցած է փակագիծերու մէջ Արեւելեան Հայաստանի յիշատակումը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «խեղաթիւրուած տեղեկատուութեան սրբագրում» կ՛ակնկալէ: