ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն ընդունեց Խրամորթ գիւղին մօտակայ մարտական դիրքէն Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորներուն կողմէ երեք անձի ուղղութեամբ կրակոցներ արձակելու Փետրուար 5ի դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործը: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Արցախի քննչական կոմիտէն:
«Դեռեւս չպարզուած հրազէնից Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղի վարչական տարածքի քարահանքում հանքափորային աշխատանքներ իրականացնող «Ապագայ սերունդների հիմնադրամ»ի երեք աշխատակիցների ուղղութեամբ կրակահերթեր արձակելու դէպքի առթիւ՝ ԱՀ քրէական օրէնսգրքի 33,103րդ յօդուածի 2րդ մասի 1ին եւ 14րդ կէտերով յարուցուած քրէական գործը: Նախաքննութիւնը շարունակւում է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: