ՊԱՔՈՒ․- Փետրուարի 28ին, Պաքուի մէջ կայացաւ 2 հայ գերիներ` Իշխան Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Ռաֆայէլեանի դէմ յարուցուած շինծու քրէական գործի հերթական նիստը, կը հաղորդէ «Սփութնիք Ազրպէյճան»ը` աւելցնելով, որ դատախազը Սարգսեանի համար 20 տարուան, իսկ Ռաֆայէլեանի համար՝ 19 տարուան բանտարկութիւն պահանջած է:
Սարգսեան եւ Ռաֆայէլեան կը մեղադրուին 2021ի Մայիսին անօրինական ձեւով ատրպէյճանական սահմանը անցնելու եւ Քարվաճառի (Քելբաջար) շրջանի ճամբաները ականապատելու յանցանքներով:
Սարգսեան, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, «նախապէս նաեւ վկայութիւն տուած էր, որ հրահանգ ստացած էր տեղւոյն հետախուզումը կատարելու, փակելու ճամբաները, ականապատելու եւ փշալարեր դնելու, ինչպէս նաեւ պայթեցնել Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը»:
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Մարտ 7ին: