ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր հովիւներուն, Փետրուար 24ին տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին յիշատակումը՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Օրուան հանդիսավար Լուսին Քիւրքճեան հրաւիրեց պատուելի Շանթ Ակիշեանը արտասանելու տօնակատարութեան բացման խօսքը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր մը, որ հաճելի ելոյթով ներկայացուցին հայկական երեք վարժարաններու աշակերտները՝ խանդավառութիւն ներշնչելով ներկաներուն:
Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանը ներկայացուց «Ի Խորոց Սրտէ» աղօթքը, Հայ Աւետարանական Նահատակաց Միացեալ վարժարանը՝ «Ձօն Վարդանանց» խմբերգն ու ասմունքը, իսկ Ազգային Ուսումն. Միացեալ ճեմարանը՝ խմբային ասմունք եւ «Վարդանանք» խորագիրով պատկեր մը։
Յայտագիրի աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը յաջորդաբար Վարդանի յիշատակին նուիրուած երեք երգ ներկայացուց, խմբավարութեամբ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեանի:
Օրուան պատգամը եւ խորհուրդը ուղղեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան, իսկ եզրափակիչ պատգամը՝ Նարեկ վրդ. Լուիսեան։ Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով, ապա բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուած «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Նոյն օրը, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ՝ ի յիշատակ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց, որոնք նահատակուեցան պահպանելու հայ եկեղեցին, հայ ազգն ու հայոց հայրենիքը։
Պատարագը մատուցեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն Վրդ. Եղիայեան:
Պատարագի աւարտին, Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով՝ Սրբոց Վարդանանց տօնին նուիրուած փունջ մը արտասանութիւններ եւ երգեր ներկայացուցին, ղեկավարութեամբ՝ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, ոգեւորելով ներկաները։
Փետրուար 25ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը։
Ձեռնարկին ներկայ էին «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչն ու անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը եւ հայորդիներու հոյլ մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան, որմէ ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Ազգ. Միացեալ ճեմարանի աշակերտներուն, Դալար Աբգարեանին եւ Սերուժ Ղազարեանին:
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան՝ հոգեւոր տեսուչ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: