Հինգշաբթի, 24 Փետրուարի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի Հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ մասնակցութեամբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու հաւատացեալ ժողովուրդին, ներկայ գտնուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, ուր Վարդանանց տօնին առիթով Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:
Եկեղեցւոյ տօնական մթնոլորտը յագեցած էր հոգեւոր ապրումներով եւ կը կրէր ազգային շեշտ: Քարոզէն առաջ երգուեցաւ Վարդանանց նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, որ նախապատրաստեց հայր սուրբին ազգայնաշունչ քարոզը:
Սրբազան արարողութեան աւարտին, հոգեւոր հայրերը համախումբ երգեցին Սրբոց Վարդանանց նուիրուած ազգային երգեր եւ վերանորոգեցին իրենց հոգեւոր ու ազգային պարտաւորութիւնը մեր հայրենեաց ու ժողովուրդին նկատմամբ: Տօնական մթնոլորտը իր պսակումը ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր փակման աղօթքով:


