ՔԻԵՒ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի օր, մինչ ռուսական ուժերը շարունակեցին յարձակիլ Ուքրանիոյ վրայ, հարուածելով յատկապէս գլխաւոր՝ Քիեւ եւ Խարքով քաղաքները, Ուքրանիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ շաբաթ մը առաջ սկսած յարձակումին զոհերուն թիւը անցած է 2000ի սահմանը։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ ռուսական բանակը Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը պիտի շարունակէ, մինչեւ որ իր առջեւ դրած նպատակներուն հասնի: Շոյկուի համաձայն, Մոսկուայի հիմնական հարցը Ռուսիան Արեւմուտքի զինուորական սպառնալիքէն պաշտպանելն է:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Քիեւի մէջ նացիական կառավարութիւնը երբեք իր ժողովուրդը չի ներկայացներ»` աւելցնելով, որ ռուսական զինուորական գործողութեան նպատակը Ուքրանիոյ մէջ «նացիական վարչակարգ»ը ապազինելն է եւ պնդելով․ «Քիեւի վարչակարգը Ուքրանիոյ մէջ ռուսերուն եւ ռուսախօսներուն նկատմամբ բացայայտ ոտնահարումներ եւ ցեղասպանութիւն կը գործէ»։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Ուքրանական բանակը այսօրուընէ վերջ ամբողջովին զրկուած է դէպի Ազովի ծով ելքէն»: Նախարարութիւնը նշեց, որ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան սկիզբէն ի վեր ուքրանական 1325 դիրքեր քանդուած են:
ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն, ուքրանացի գաղթականներուն թիւը կը մօտենայ մէկ միլիոնի։