ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Միջին տարիքը թեւակոխելէ ետք միայն մարդ կը զգայ օրերու արագասոյր ընթացքը, որոնք հետզհետէ ակնթարթային ժամանակուան մէջ կ՛ամփոփուին: Դեռ չենք ուզեր ակնարկել զգայազիրկ հիւանդներու դժբախտ դրութեան, որոնք չեն ալ գիտեր ե՞րբ ծագեցաւ արեւը կամ ե՛րբ մար մտաւ:
Ներկայ կեանքի խայտաբղէտ առօրեան իր գերզբաղ անձերով, բնականաբար պիտի տարբերէր գիւղական սահմանափակ կեանքի պայմաններուն մէջ ապրող մարդոց առօրեայէն: Ասոնք լրիւ օրուան ծանրութիւնը կը զգային իրենց ֆիզիքական մարմնին վրայ, արեւածագէն ալ առաջ, եւ երբ մայրամուտին տուն կը վերադառնային, արդէն յագեցած կ՛ըլլային ցերեկուան աշխատանքի ժամէն, ու կը պատրաստուէին գիշերուան հանգիստին: Ներկայ սրընթաց կեանքը ապրող իւրաքանչիւր անձ երբ գիշերը գլուխը բարձին դնէ, չի գիտնար, թէ օրը ինչպէ՞ս անցաւ: Ուրեմն, մարդը շատ աւելի անզօր ու դանդաղ գոյութիւն է, քան կեանքը, որ յոգնիլ չի գիտեր:
Ինչքա՜ն կը լսենք մեր շրջապատին մէջ, իրենց ապրած տուեալ օրուան մասին զանազան մարդոց տպաւորութիւնները: Մէկը գոհ, ուրիշը՝ դժգոհ, մէկ ուրիշը՝ անտարբեր, իսկ չորրորդ մը յուսահատ՝ օրուան անյաջողութենէն, մեզի կը պատմեն իրենց փորձառութեանց մասին:
Իրենց օրը ուրախ անցուցած մարդոց գոհունակութիւնը վարակիչ հանգամանք ունի յաճախ, եւ ուրիշներ ալ կը փորձեն անոնց նման երջանիկ ըլլալ: Ոմանք այն տպաւորութիւնն ունին, որ իրենց օրը ուրախ անցընողները անհոգ կ՛ըլլան: Ասիկա սխալ տպաւորութիւն է սակայն: Երջանիկ ըլլալը կամ գոհունակ սրտով ապրիլը անպայման անհոգ ըլլալ չի՛ նշանակեր: Ընդհակառակը, իր տուեալ օրը նախապէս ծրագրած եւ լաւապէս ապրած անձ մը անպայման երջանիկ պիտի զգայ, որ կրցաւ արժեւորել Աստուծոյ կողմէ իրեն պարգեւուած այդ օրը: Երջանկութեան այն զգացումը, որ նման անձեր կ՛ունենան, երբ գիշերը իրենց գլուխը բարձին հանգչեցնեն, անչափելի հարստութեան տէր մարդիկ երբեմն չեն կրնար զգալ: Եւ ի՞նչ է այդ երջանկութիւնը. պարզապէս օր մը լաւ անցուցած ըլլալու գոհունակութիւնը…:
Վատ օրերու պատճառած մտահոգութիւնը եւ մանաւանդ թողած ցաւը մարդ էակին ծանօթ է ի տղայ տիոց: Ամէն մարդ գիտէ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ մտահոգուիլ անորոշ ապագայի մղձաւանջով, կամ հաւանական ձախորդութեան մը հետեւանքներով: Սակայն, այն կամքը զոր Աստուած մարդուն մէջ դրած է, ընկճուելու տխուր իրավիճակին դէմ պայքարող անպարտելի զէնք մըն է: Կամքը կրկնութեան գնով կը կռուի իրմէ աւելի մեծ ուժերու դէմ:
Իրենց կեանքի սկզբնական շրջանին ձախողած եւ ապա, մի քանի փորձերէ ետք յաջողութիւն գտած անձերու օրինակներ բոլորս ալ կրնանք բերել մեր շրջապատէն: Ի՞նչն էր, որ զանոնք յաջողութեան հասցուց, եթէ ոչ այն կամքը, որ չդադրեցաւ փորձելէ, մինչեւ որ ձախորդութիւնը տապալեց ու յաջողութեան հասաւ:
Ձախորդութիւն մը ապրելէ ետք դրական մտածողութիւն ունենալը, յաջողութեան հասնելու «կէս ճամբան է», ինչպէս խօսակցական լեզուի մէջ յաճախ կ՛ըսենք: Չկայ ձախորդութիւն մը, որ յուսահատութիւն չի պատճառեր: Ատիկա առաջին հակազդեցութիւնն է, որ մարդ կ՛ունենայ, իր նախաձեռնած աշխատանքին ձախորդութիւնը տեսնելով: Սակայն, դրական մտածողութեան տէր մարդիկ շուտով այդ ձախորդութեան կու տան այլ անուն մը, որ է «փորձառութիւն»: Այս նոր անունը շուտով կը փոխարինէ նախորդին տխրութեան իրավիճակը, յոյսի նոր ճրագ մը վառելով ձախողած մարդու հոգւոյն մէջ: Ուստի, նոյն սխալները չկրկնելու խոստումը տալով ինքնիրեն, ձախողած մարդը նոր սկիզբ մը կը դնէ իր աշխատանքին, միշտ յիշելով իր նախկին փորձառութիւնը:
Ամէն մարդ չի յաջողիր այս կեանքին մէջ: Դժբախտութիւնները յաճախ խոչընդոտ կը հանդիսանան, եւ կը կ՛արգիլեն, որ յաջողութեան հասնի մարդ: Օրինակ, երիտասարդական արկածախնդրութեան մը հետեւանքով անդամալուծութիւն մը կամ այլ ֆիզիքական թերութիւն մը պատճառ կը հանդիսանայ, որ ենթական անուանի մարզիկի կոչումի չտիրանայ: Սակայն, այդ դժբախտութեան տուած դասը ո՛չ մէկ համալսարանի դասագիրք, ո՛չ ալ աշխարհի ամէնէն անուանի դասախօսը պիտի կարենային սորվեցնել ենթակային, որովհետեւ խեղանդամը «իր քսակէն սորվեցաւ», ինչպէս դարձեալ կ՛ըսենք խօսակցական լեզուի մէջ:
Իւրաքանչիւր մարդու կեանք լեցուն է նման դասերով: Զուր տեղը չէ, որ մարդիկ դժբախտութենէ մը երբ մազապուրծ ազատին, հազիւ շունչ առած, կ՛ըսեն. «Ասիկա ինծի մեծ դաս եղաւ»: Բայց երբ շարունակեն նոյն սխալները գործել, իրենց շրջապատին մէջ եղողներ յանդիմանական շեշտով անոնց կ՛ըսեն. «Դեռ քեզի դաս չեղա՞ւ»:
Մարդ էակին կեանքի գիրքը լեցուն է այսպիսի դասերով, որոնք որոշ իմաստով իր կեանքը կը կազմեն: Բայց կեանքը իւրաքանչիւրիս համար վերապահուած լաւագոյն օր ալ ունի: Եթէ յաջողութեան օրերը երջանիկ օրեր համարեցինք, այս տեսակի օրը երջանկագոյն պիտի կոչենք, որովհետեւ անիկա այնպիսի յուշեր կը թողու իր ետին, որ մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան չենք մոռնար:
Տարիքի մէջ յառաջացման դժբախտ երեւոյթներէն մէկը յիշողութեան ցնդումն է: Ասիկա աւելի մեծ դժբախտութիւն է, քան կնճիռներու յայտնութիւնը մարդկային մարմնին վրայ: Յիշողութեան ցնդումը իր հետ պիտի տանի այն յուշերը, որոնցմով ընդերկար պիտի օրօրուէր տարեց անձը, զանոնք միշտ թարմացնելով իր մտապաստառին առջեւ, շարժանկարի կենդանութեամբ:
Յիշատակները, նոյնիսկ իրերու ձեւին մէջ, յուշեր արթնցնելու առիթներ են: Տեսած էք հաւանաբար ծերունիներ, որոնք իրենց տան հնացած կահկարասիներէն չեն ուզեր բաժնուիլ, ինչքան ալ իրենց թոռները պնդեն անոնց փոփոխութեան կարիք ունենալը: Ծերունին իր տան իւրաքանչիւր անկիւնին մէջ, իւրաքանչիւր կահ կարասիի եւ տան մէջ գտնուող իւրաքանչիւր իրի մէջ յիշատակելի յուշեր ծրարած կ՛ունենայ, եւ այդ պատճառով չ՛ուզեր բաժնուիլ անոնցմէ: Ուրեմն, երջանկագոյն օրը այն է մեր կեանքին մէջ, որ իր ետին յուշեր կը թողու, քաղցրագոյն յիշատակով:
Անիմաստ օր չկայ մարդ էակի ծնած օրէն մինչեւ մահուան օրը: Իւրաքանչիւր օր ունի իր կարեւորութիւնը: Ուրախ ապրուած օրուան պարգեւած երջանկութիւնը իր կարեւորութիւնը ունի, իսկ ձախորդութեամբ ապրուած օրը իր կարեւորութիւնը ունի այն փորձառութեամբ, որ իրօք կը հարստացնէ մեզ: Դեռ աւելին, դժբախտութեամբ ապրուած օրը իր անզուգական դասով կը դաստիարակէ մեզ, իսկ լաւագոյն օրը՝ իր յուշերով ցմահ կ՛երջանկացնէ մեզ:
Անհասկնալի է մեզի համար այն մարդոց տեսակէտը, ըստ որոնց, կեանքի մէջ անիմաստ ու անիծեալ օրեր կան: Եթէ այդպէս կը համարես կեանքիդ ընթացքին ապրած օրերէն մէկը, ինչո՞ւ ապրեցար զայն: Եթէ ապրեցար, ուրեմն ապրուած օր մըն էր, իսկ օրը ապրուած ըլլալով, ընդունելի պէտք է ըլլայ քեզի, այնպէս ինչպէս որ ապրեցար զայն:
Իւրաքանչիւր օրդ՝ օր մըն է կեանքէդ: Իրականութենէն մի՛ խուսափիր: