
Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս Ծ. վրդ. Մանուէլեանի հովանաւորութեամբ՝ Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ի երեկոյեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան հրատարակած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ի հայերէն տպագրութեան գինեձօնը: Ներկայ էին՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի Խնամակալ մարմինի ատենապետ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեայեան, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ի հայերէն թարգմանութեան պատասխանատու դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը քուէյթահայեր:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեայեան, որ ողջունելով ներկաները, անդրադարձաւ Աստուածաշունչի կենսական կարեւորութեան եւ այդ ծիրէն ներս՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան տարած աշխատանքներուն: Ան դիտել տուաւ, որ 1600 տարուան ընթացքին թէեւ եղած են շատ մը փոփոխութիւններ, սակայն Աստուածաշունչը չէ կորսնցուցած իր կարեւորութիւնը: Ան ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը գիտութեան սրընթաց զարգացումի այս դարուն կը պահէ իր այժմէականութիւնը եւ նորովի կը մատուցուի:
Ապա խօսքը տրուեցաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի հայրենաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեանին, որ համապարփակ տեղեկութիւն տուաւ «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ին մասին: Ան ըսաւ. «Քրիստոնէութիւնը միայն կրօնք չէ, այլ՝ կենսակերպ, իսկ Աստուածաշունչը՝ կեանքի ուղեցոյց: Այս իմաստով հոյակապ գիրք է «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը, ուր մանկավարժական հիմունքներով ներկայացուած են Աստուածաշունչի դէպքերը եւ զանազան հարցումներով ու առաջադրանքներով՝ զանոնք կապած մեր կեանքին»: Ան դիտել տուաւ, թէ պատմութիւնները շարադրուած են մանուկներուն համար դիւրըմբռնելի հայերէնով մը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ անդրադարձաւ Սուրբ Գիրքի հայերէն թարգմանութեանց, հպարտօրէն նշելով, որ միա՛յն հայերս զայն «Աստուածաշունչ» կոչած ենք: Ան ըսաւ նաեւ, որ անկարելի է հայուն ազգային ինքնութիւնն ու կրօնքը բաժնել իրարմէ:
Հուսկ, Պետրոս Ծ. վրդ. Մանուէլեան մեծապէս գնահատեց ինչպէս «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ին ներկայացումը, նոյնպէս ալ անոր հայերէն հրատարակութիւնը, որ կատարուած է դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի եւ անոր տիկնոջ՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի աշխատանքով: Հայր սուրբը յիշեց, թէ Դեկտեմբեր ամսուն Արամ Ա. վեհափառ, գնահատելով դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը՝ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր զինք:
Աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւն, գիրքերու մակագրութիւն եւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն:
Ներկայ մը