ԱՐԱ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Գարնան սկիզբն ենք, նաեւ յոյսի մը սկիզբը՝ մեր լիբանահայ ազգակիցներուն։ Քանի մը օրեր առաջ, կէս գիշերը անց, Պէյրութի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիպատոս Պերճ Աբգարեանի հետ։ Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Լիբանանի մէջ իրականացուելիք բժշկական առաքելութեան մը մասին; Արդարեւ, Ֆրեզնոյէն խումբ մը բժիշկներ Պէյրութ պիտի ժամանեն Մարտ 7ին։ Անոնք իրենց հետ պիտի տանին մօտաւորապէս երեսուն պայուսակներ, գլխաւորաբար դեղեր եւ բժշկական թեթեւ գործիքներ, օգտակար ըլլալու համար Լիբանանի հայ համայնքին։
Աբգարեան այս խումբին ղեկավարն ու կազմակերպիչն է եւ ապահոված է թէ՛ Լիբանանի դեսպանատան գործակցութիւնը եւ թէ Լիբանանի Հայ երեսփոխանական պլոքի օգնութիւնը։
Անոր կ՛ընկերակցին բժիշկներ՝ Վաչէ Վասիլեան (ատամնաբոյժ), Վան Պօղոսեան (վիրաբոյժ), Ճէյք Գուշիկեան եւ Կարօ Խաչիկեան (ներքին հիւանդութեան մասնագէտներ), Կարինէ Վասիլեան (մանկաբոյժ) եւ Անիթա Պօղոսեան (թղթակից)։
Այս խումբը եւ մօտ երեսուն այլ բժիշկներ, 2015էն ի վեր բժշկական առաքելութեամբ կը մեկնին Հայաստան եւ Արցախ, օգնելու մեր հայրենակիցներուն, մեծ քանակութեամբ դեղ եւ բժշկական կարեւոր սարքաւորումներ իրենց հետ տանելով։
Այս տարի «Սփիւռքի տարի» հռչակուած է Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ։ Լիբանան մեկնող այս խումբին երթը շատ աւելի դժուար է, քան որեւէ այլ տեղ։ Ձեզի ծանօթ Լիբանանի տնտեսական տագնապը, երկիրը սնանկ դարձուցած է եւ ելեքտրականութեան, ջուրի, աղբահաւաքման եւ այլ տագնապներ կը դիմագրաւէ։ Ժողովուրդը օրուան հացը ճառելու դժուարութեան մէջ է։
Տրամադրութիւնները ստիպողաբար լաւ չեն, բայց կայ յոյսը եւ օգնութիւնը՝ ժողովուրդին եւ միութիւններուն, որոնք քիչ մը տանելի կը դարձնեն տագնապը։
Լիբանանի Օգնութեան Խաչը պիտի հիւրընկալէ բժիշկները եւ Պուրճ Համուտի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը տրամադրած է անոնց Մարտ 8էն սկսեալ։ Խումբը նաեւ ծրագրած է Այնճար գտնուիլ եւ «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն օգնութիւն տրամադրել նաեւ Այնճարի բնակիչներուն։
Կարիքները շատ են եւ պայմանները շատ դժուար, որովհետեւ թէ՛ դեղերու սղաճ կայ եւ թէ յաճախ դեղորայք չկայ։ Երբեմն անհնարին են նաեւ հիւանդանոցի սպասարկութիւնները։
Այս դժուարութիւնները նկատի առած, բժիշկները կամաւորաբար իրենց ժամանակը եւ ձիրքերը ի սպաս դրած են ծառայելու լիբանահայ համայնքին։
Ռուբէն Սեւակ իր «Բժիշկի Գիրքէն Փրցուած Էջեր» գրքին մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս 1913ին, Լոզանի մէջ կը փորձէ հիւանդ կնոջ մը օգտակար ըլլալ, եւ երբ հիւանդը բան մը հասկցնել կը փորձէ եւ չի յաջողիր, Սեւակ կը մօտեցնէ ականջը հիւանդին եւ հազիւ կրնայ մէկ բառ հասկնալ, «կռունկ» կ՛ըսէ կինը։ Բժիշկը կը սկսի երգել այդ հին ու քաղցր երգը եւ կնոջ աչքերուն մէջ լոյս մը կ՛երեւայ։ Այս է, նախ դեղ ու դարման եւ ապա քաջալերանք եւ յոյս։
Բարի երթ ու վերադարձ յարգելի բժիշկներ։
Ֆրեզնօ
Մարտ 2, 2022