
Ուքրանիա թրքական «Bayraktar TB2» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) նոր խումբ մը ստացած է, կը հաղորդէ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով։ Ան տեղեկացուց, որ թրքական ԱԹՍները արդէն իսկ սկսած են գործածուիլ Հինգշաբթի օր:
Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ երկիրը պիտի ստանան նաեւ «Սթինկըր» շարժական հակաօդայիններ եւ յաւելեալ «Ճեւլին» հակահրասայլային հրթիռներ: