YouTubeը արգելեց այն տեսանիւթը, որուն մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր ու նախկին նախարար, իսկ այժմ Չեխիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էկեմեն Պաղըշ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը, վկայակոչելով «Հապերլեր» կայքը։
Կը հաղորդուի, որ 2020 Ապրիլին նկարահանուած տեսանիւթը նախ հեռացուած էր YouTube թրքական կայքի ալիքէն:
Աւելի ուշ, նոյն տեսանիւթը իր անձնական YouTube ալիքով տեղադրած է Պաղըշ, որմէ ետք հարթակը անգամ մը եւս արգիլած է նշեալ տեսանիւթը: Իբրեւ արգիլման հիմնաւորում՝ կը նշուի անոր մէջ առկայ ատելութեան խօսքերը: