ԷՆՍԻՕ․- Կիրակի, 28 Փետրուարի առաւօտեան, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին նշեց Բուն Բարեկենդանը, որուն յաջորդ օրը սկիզբ առաւ Մեծ Պահոց քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը։
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։
Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Տիկնանց միութեան, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամներ, Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի 11րդ եւ 12րդ դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն։
Իր պատգամը խարսխելով աստուածաշնչեան՝ «Ս. Հոգիին արդիւնքներն են՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն» (Գաղ. 5.22-23) համարին վրայ՝ առաջնորդ սրբազան հայրը հաւատացեալ ներկաները հրաւիրեց մաքրուելու հոգիով ու միտքով, «որպէսզի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին նորացած ըլլանք իբրեւ մարդ», շեշտելով, որ Մեծ Պահոց աղօթական շրջանը յատկապէս ա՛յս իմաստով պէտք է արժեւորենք մեր կեանքին մէջ, որպէսզի Ս. Զատիկին ստանանք աստուածային պարգեւներ:

ՀՕՄ-Ի «ԱՆԱՀԻՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Յետ արարողութեան, առաջնորդ հայրը նախագահեց ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Մեծ Պահոց ճաշկերոյթին։

Առաջնորդ սրբազանը եւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան միասնաբար կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք սրբազան հայրը իր մաղթանքը փոխանցեց ներկաներուն՝ վեր առնելով ՀՕՄի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ ազգի ու հայրենիքի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր տեղը եւ դերը:
«Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Շաքէ Թոքաթլեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք, որմէ ետք Վարդուկ Թաշճեան անդրադարձաւ քառասնօրեայ պահեցողութեան քրիստոնէական արժէքին եւ թելադրեց ծոմապահութեամբ ու ժուժկալ կենցաղով աղօթքի կենալ Տիրոջ առջեւ եւ ըստ այնմ պատրաստուիլ Ս. Յարութեան տօնին։
Այնուհետեւ, արտասանութիւններով եւ երգերով կազմուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտներ, իսկ Անի Պէպէճեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածը: