ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Լոս Անճելըս Թայմզ»․- Ամերիկահայ երկու երիտասարդներ, որոնք յարձակած էին Պեվըրլի Հիլզի թրքական «Իսթանպուլ» ճաշարանին վրայ, Երկուշաբթի օր բանտարկութեան դատապարտուեցան:
Իրենց յանցանքը ընդունած Կլենտէյլէն 23ամեայ Ուիլեըմ Ստեփանեան դատապարտուեցաւ 5 տարուան բանտարկութեան, իսկ Թահանկայէն 24ամեայ Յարութիւն Հերի Չալիկեան՝ 15 ամսուան բանտարկութեան: Ճաշարանին պատճառած անոնց վնասներուն համար, երիտասարդները նաեւ 21,000 տոլար պէտք է վճարեն:
Յիշեցնենք, որ յարձակումը տեղի ունեցած էր 44օրեայ պատերազմի օրերուն։