ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Էտըմ Շիֆի գրասնենակէն 9 Մարտին տեղեկացուցին, որ քոնկրեսականին ջանքերով, 2022ի պետական ամավարկի Ներկայացուցիչներու տան տարբերակին մէջ կարելի եղած է 950,000 տոլարի աջակցութիւն ապահովել Հայ-Ամերիկեան թանգարանին։
Շիֆ կը յայտարարէ, թէ Կլենտէյլի մէջ կառուցուող թանգարանը առիթ պիտի ընծայէ ամերիկահայութեան արժէքաւոր ներդրումները ծանօթանցելու Լոս Անճելըս գաւառի, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ բնակչութեան, որ կրնայ դասեր քաղել ամերիկահայութեան փորձառութենէն։
Յիշեցնենք, որ Շիֆ անցեալ ամիս այցելած էր թանգարանի կառուցման վայրը, անձնամբ տեսնելու համար շինարարական աշխատանքներու ընթացքը։