ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու մրցաշարքը, որուն ծիրին մէջ Հայաստանի ազատ ոճի հաւաքականը նուաճեց 2 արծաթէ եւ 2 պրոնզէ մետալներ:
Յաբեթնակ Կուրղինեանի գլխաւորած խումբին մէջ արծաթէ մետալներ նուաճեցին Հրաչեայ Մարգարեան (65 քլկ.) եւ Նարեկ Յարութիւնեան (70): Պրոնզէ մետալի համար պայքարին Էդիկ Յարութիւնեան (57) 10-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց թուրք մրցակիցին դէմ, իսկ Նորիկ Յարութիւնեան (61) նոյնանման արդիւնքով յաղթեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ ներկայացուցիչին: